ԱՆԿԻՒՆԱԴԱՐՁԱՅԻՆ ԱՅՑ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ երէկ Ուաշինկթընի մէջ հիւրընկալեց Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Սելմանը։ Սպիտակ տան երդիքին տակ տեղի ունեցաւ այս տեսակցութիւնը, որու ընթացքին առաջնահերթօրէն շօշափուեցան երկու երկիրներու միջեւ ներդրումներու եւ զէնքերու մատակարարման վերաբերեալ համաձայնութիւնները, ինչպէս նաեւ Իրանի մասին խնդիրներ։

«Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Տանըլտ Թրամփ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն առջեւ խորհրդածութիւններով հանդէս եկաւ երկկողմանի եւ տարածքաշրջանային բնոյթով նիւթերու մասին։ Ան բացատրեց, որ իր նախորդին՝ Պարաք Օպամայի պաշտօնավարութեան շրջանին լարուածութիւններ յառաջացած էին ԱՄՆ-Սէուտական Արաբիա յարաբերութիւններուն մէջ։ «Իսկ ներկայիս ունինք հրաշալի յարաբերութիւն եւ այդ մէկը ա՛լ աւելի լաւ կ՚ընթանայ», ըսաւ Թրամփ եւ ընդգծեց, որ Ռիատի ղեկավարութիւնը վերջին շրջանին ԱՄՆ-էն գնած է միլիառաւոր տոլար արժողութեամբ զէնք ու զինամթերք եւ այդ գնումները կը շարունակուին։ Թրամփ մամլոյ սպասաւորներուն մասնաւորապէս ցոյց տուաւ այն ցուցատախտակը, որուն վրայ ցոլացած էին վերջին շրջանին Սէուտական Արաբիոյ կողմէ ներածուած՝ 12.5 միլիառ տոլար արժողութեամբ զէնք ու զինամթերքները։ Ըստ Թրամփի, շնորհիւ արդիւնաբերական արտադրանքին, ԱՄՆ-ի մէջ պիտի ստեղծուին յաւելեալ 40 հազար աշխատատեղիներ։

Նախագահ Տանըլտ Թրամփ բացատրեց, որ Սէուտական Արաբիա ներկայիս պատուիրած է հակաօդային պաշտպանութեան նոր շրջանային համակարգեր, մարտավարական փոխադրութեան օդանաւ, հրասայլեր եւ ռազմաօդանաւեր։ Միլիառաւոր տոլար արժողութեամբ այս պատուէրներուն համար ամերիկեան կողմը արդէն ձեռնարկած է աշխատանքի եւ ամենակարճ ժամանակի ընթացքին այդ բոլորը պիտի յանձնուին Սէուտական Արաբիոյ։

Տանըլտ Թրամփ Ռիատի ղեկավարութիւնը դրուատեց ահաբեկչութեան դէմ պայքարի հարցին մէջ։ Ներկայիս Ուաշինկթըն եւ Ռիատ աշխատանք կը տանին ահաբեկչութեան դէմ պայքարի շուրջ հասարակաց բանաձեւի մը վրայ։ «Ահաբեկչութեան գանձատրման բնաւ չենք հանդուրժեր եւ Սէուտական Արաբիա այս նիւթին շուրջ բաւական մեծ ջանքեր կը գործադրէ», աւելցուց Թրամփ, որ արժեւորում մը կատարեց նաեւ ԻՇԻՊ-ի («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում) դէմ պայքարի հարցին շուրջ։ «Ներկայիս գրեթէ ամբողջութեամբ ետ առած ենք այն շրջանները, որոնք նախապէս ԻՇԻՊ-ի վերահսկողութեան տակ էին։ Հաւանաբար այս բանը աւելի առաջ ոեւէ մէկէն չենք լսած։ Շատ արագ վարուեցանք եւ այդ տարածքաշրջանի պայքարի վերջաւորութեան կը մօտենանք։ Այսպէսով պիտի կարենանք դուրս գալ կարգ մը շրջաններէն, ուրկէ երկար ժամանակէ ի վեր կը փափաքէինք հեռանալ։ Այլեւս միւս երկիրները այս խնդիրը ձեռք պիտի առնեն՝ ըստ իրենց տարողութեան», ըսաւ Թրամփ։

Պատասխանելով լրագրողի մը հարցման՝ Տանըլտ Թրամփ անդրադարձաւ նաեւ Իրանին։ Ըստ իրեն, այդ երկրի քայլերը վնաս կը հասցնեն տարածքաշրջանին եւ անոնք պէտք է հակակշռի տակ առնուին։ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մուհամմէտ պին Սելմանն ալ պատասխանեց Իրանի վերաբերեալ հարցումներուն եւ յայտնեց, որ այս նիւթը քննարկման առարկայ կը դառնայ մանրամասնօրէն։

Յիշեալ առանձնազրոյցէն վերջ Սպիտակ տան մէջ Տանըլտ Թրամփ եւ գահաժառանգ Մուհամմէտ պին Սելման գլխաւորեցին պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները։ Այս փուլի առաջին մասը նախատեսուած էր կէսօրուան ճաշի մը ձեւաչափով եւ դռնփակ չէր։ Տանըլտ Թրամփ ճաշասեղանի ընթացքին ընդգծեց, որ Սէուտական Արաբիոյ Սելման պին Ապտիւլազիզ թագաւորն ալ յառաջիկայ շրջանին հաւանաբար այցելէ ԱՄՆ։

Գահաժառանգ Սելման միջոցէ մը ի վեր առանցքային դերակատարութիւն մը ստանձնած է ԱՄՆ-ի եւ Սէուտական Արաբիոյ յարաբերութիւններու մերձեցման հարցին շուրջ։ Մեկնաբաններու կարծիքով, իր ներկայ այցելութիւնն ալ կրնայ անկիւնադարձ մը ըլլալ երկկողմանի եւ տարածքաշրջանային յարաբերութիւններուն տեսակէտէ։

ՓՈՒԹԻՆԻ ՀԵՏ ԶՐՈՅՑ

Միւս կողմէ, Տանըլտ Թրամփ երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ՝ այս վերջնոյն վերընտրութեան յաջորդած մթնոլորտին մէջ։ 

Չորեքշաբթի, Մարտ 21, 2018