ԲԱԿՕ ՍԱՀԱԿԵԱՆ ԱՄՆ-Է ՎԵՐՋ ԱՆՑԱՒ ԼԻԲԱՆԱՆ

Լեռնային Ղարաբաղի Նախագահ Բակօ Սահակեան աւարտեց իր ուղեւորութիւնը դէպի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ Ուաշինկթընի շփումները աւարտելէ վերջ Բակօ Սահակեան երէկ աշխատանքային այցելութեամբ անցաւ Լիբանան։ Ան Պէյրութի մէջ ալ կ՚ունենայ շարք մը շփումներ՝ քաղաքական շրջանակներու եւ հայ համայնքէ գործիչներու հետ։

Այս առաւօտ Բակօ Սահակեան Անթիլիասի մէջ ընդունուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին կողմէ։ Նորին Սրբութեան կողքին էին բարձրաստիճան հոգեւորականներ եւ աշխարհական գործիչներ։ Զրոյցի ընթացքին շօշափուեցան սփիւռքի հետ համագործակցութեան, եկեղեցի-հասարակութիւն յարաբերութիւններուն, Արցախի ներքին ու արտաքին քաղաքականութեան եւ տարածքաշրջանային գործընթացներուն վերաբերեալ զանազան հարցեր։ Բակօ Սահակեան երախտագիտութիւն յայտնեց, որ Արամ Ա. Կաթողիկոս մշտապէս սատար կը հանդիսանայ Արցախին։ Ան կարեւորեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դերակատարութիւնը սփիւռքի մէջ հայկական ազգային ինքնութեան պահպանման եւ հայրենիքի հետ կապերու ամրապնդման ուղղութեամբ։

Չորեքշաբթի, Մարտ 21, 2018