ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԴՐԱՄԱՏՈՒՆԸ ԿԸ ԽՐԱԽՈՒՍԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԲԱՐԵՓՈԽՈՒՄՆԵՐԸ

Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեան երէկ հիւրընկալեց Համաշխարհային դրամատան Երեւանի գրասենեակի ղեկավար Սիլվի Պոսութրոյի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը։ Այս առթիւ քննարկուեցան Համաշխարհային դրամատան եւ Հայաստանի միջեւ 2018-2020 թուականներուն համար նախատեսուած գործընկերութեան շրջանակին վերաբերեալ հարցեր։ Այս ամբողջին մաս կը կազմէ նաեւ բարեփոխումներու օրակարգ մը։ Զրոյցի ընթացքին Կարէն Կարապետեան շնորհակալութիւն յայտնեց Համաշխարհային դրամատան՝ ջուրի ակերու կառավարման համակարգէն ներս բարեփոխումներու իրականացման ի նպաստ օժանդակութեան համար։ Կարէն Կարապետեան նշեց, որ Հայաստանի կառավարութիւնը պիտի շարունակէ այդ բնագաւառէն ներս բարեփոխումները։ Ըստ իրեն, գիւղատնտեսութեան ոլորտէն ներս ալ ձեռնարկուած է ծրագրերու մեծ թղթածրարի մը իրականացման։

Մինչ այդ, երէկ Հայաստանի կառավարութենէն ներս քննարկուեցան նաեւ ներկայ տարուան ոռոգման շրջանի նախապատրաստական աշխատանքները։

Միւս կողմէ, նախընթաց օր ալ Կարէն Կարապետեան տեսակցեցաւ Չինաստանի Powerchina International Group Limited ընկերութեան բարձրաստիճան ներկայացուցիչներուն հետ։

Չորեքշաբթի, Մարտ 21, 2018