ՓԱՔԻՍՏԱՆ ԿԸ ԶԱՐԳԱՑՆԷ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԶԻՆԵԱԼ ՈՒԺԵՐԸ

Ատրպէյճանի եւ Փաքիստանի միջեւ յաջողութեամբ կը շարունակուի համագործակցութիւնը ռազմական գետնի վրայ։ Փաքիստանի նախկին վարչապետ Շավքաթ Ազիզ ատրպէյճանական կայքէջի մը տուած հարցազրոյցին մէջ անդրադարձաւ այս համագործակցութեան։ Ըստ իրեն, Փաքիստանի ժողովուրդը մասնաւոր համակրանք մը կը տածէ Ատրպէյճանի բարեկամ ժողովուրդին նկատմամբ։

«Մեր բանակը հասարակաց մարզումներ կը կազմակերպէ ու զինուորական պատրաստութեան ծրագրեր յառաջ կը տանի։ Փաքիստան Ատրպէյճանի բանակին համար օժանդակութիւն կ՚ապահովէ զանազան զէնքերով ու միշտ պատրաստակամ է իր պատերազմական փորձառութիւնը բաժնելու։ Իսլամապատն ու Պաքուն կը համագործակցին նաեւ ռազմական դիւանագիտութեան գետնի վրայ։ Մեր զինուորական բաժանմունքներու ղեկավարներուն շփումները դարձած են կանոնաւոր եւ անոնք միայն ու միայն պիտի ամրապնդուին», ըսաւ Շավքաթ Ազիզ։

Չորեքշաբթի, Մարտ 21, 2018