ՓՈՐՁԵՑԻՔ ՄԵԶ ԽԱԲԵԼ

«Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւններու հիման վրայ՝ Սուրիոյ հիւսիսի Աֆրին քաղաքի Թուրք զինեալ ուժերու հակակշռին տակ անցնելուն արձագանգները կը շարունակուին։ Մասնաւորապէս Ուաշինկթընէն հնչած մտահոգութիւնները միջազգային բեմահարթակի վրայ կը համարուին ուշագրաւ։ Արդարեւ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու թէ՛ Արտաքին գործոց եւ թէ Պաշտպանութեան նախարարութիւնները մտահոգութիւն յայտնած էին՝ Թուրք զինեալ ուժերու Աֆրին մուտքէն վերջ։ Այս բոլորին կապակցութեամբ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ խիստ ոճով ու ծանր արտայայտութիւններով հակազդեցութիւն ցոյց տուաւ ԱՄՆ-ի դէմ։ Էրտողան միեւնոյն ժամանակ մեղադրեց ամերիկեան կողմը եւ ըսաւ. «Ո՞ւր էիք՝ երբ մենք կը փոխանցէինք մեր մտահոգութիւնները։ Փորձեցիք մեզ խաբել։ Մենք փափաքեցանք ձեզմէ զէնք գնել մեր դրամով, մեզի չտուիք, ապա մեզմէ զլացուած այդ զէնքերը անվճար տրամադրեցիք ահաբեկչական կազմակերպութեան։ Հիմա այդ զինամթերքը կամաց-կամաց կ՚անցնի մեր ձեռքը»։

Էրտողան այս խնդրին անդրադարձաւ ԱՔ կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակի երէկուան ժողովին ժամանակ։ «Եթէ մենք ռազմավարական գործընկեր ենք, ապա մեզի նկատմամբ յարգանք պիտի տածես ու մեզի հետ միասին պիտի քալես», ըսաւ Էրտողան եւ աւելցուց, որ կարելի պիտի չըլլայ կասեցնել Թուրքիան։ Նախագահը անդրադարձաւ նաեւ այն զրպարտութիւններուն, ըստ որոնց Թուրքիա մեղադրուած է քաղաքական ժողովուրդին վնաս հասցնելով։ Այդ զրպարտութիւնները կատարուած են անոնց կողմէ, որոնք ամէն ինչ ըրած են անմեղ ժողովուրդին դէմ։ Էրտողանի խօսքերով՝ բարեբախտաբար այդ ամբողջ պնդումները ջրուեցան ու զրպարտութիւններուն հետքը չմնաց Թուրքիոյ վրայ։ «Հիմա կը ջանանք՝ որպէսզի այդ տարածքաշրջանը վերստին ապրելու յարմար տեղ մը դառնայ՝ անոր բուն տէրերը հանդիսացող մեր եղբայրներուն տեսակէտէ», ըսաւ Էրտողան։

Այս մթնոլորտին մէջ Անգարա-Ուաշինկթըն առանցքին վրայ տարաձայնութիւնները կը մնան առկայ։ Ուաշինկթըն երէկ դարձեալ հերքեց Անգարայէն կատարուած կարգ մը յայտարարութիւնները։ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ յիշեցուց, որ ԵՓԿ-ականները պէտք է լքէին Մենպիչը։ Երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները այս հարցին շուրջ պիտի ունենային հանդիպում մը, սակայն ԱՄՆ-ի մէջ տեղի ունեցած նախարարի փոփոխութիւնը կասեցուց այս շփումը։ Հիմա մինչեւ նորանշանակ պետական քարտուղար Մայք Փոմփէոյի վերջնականօրէն գործի ձեռնարկելը՝ Անգարա եւ Ուաշինկթըն պիտի ջանան ժամանակ շահիլ։ Հետեւաբար, քննարկումներ տեղի պիտի ունենան Արտաքին գործոց նախարարութիւններու բարձրաստիճան պաշտօնատարներու մակարդակին վրայ։ Այս նպատակով յառաջիկայ օրերուն Արտաքին գործոց նախարարութեան խորհրդատու դեսպան Իւմիտ Եալչըն պիտի մեկնի Ուաշինկթըն, ուր նախատեսուած են կարեւոր բանակցութիւններ։  

Չորեքշաբթի, Մարտ 21, 2018