ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ

Հայկական լեռնաշխարհը իր ամբողջ գեղեցկութեամբ ու հարստութեամբ պատկերուած է գեղանկարիչ Մհեր Յարութիւնեանի «Հայրենի բնօրրան» խորագրեալ ցուցահանդէսին:

«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ ցուցահանդէսի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի ունեցաւ «Յովհաննէս Շարամբէեան» ժողովրդական արվուստի կեդրոնին մէջ: Այս առթիւ արտայայտուեցաւ Հայաստանի ժողովրդական նկարիչ Փարաւոն Միրզոյեան։ «Քսան տարի առաջ Մհերը կրթութիւն կը ստանար Հայաստանի գեղարուստի պետական ակադեմիոյ մէջ: Տակաւին այն ժամանակ կը տեսնէի, որ անոր ներքին աշխարհը շատ հարուստ է, ան շատ զգայուն է: Մհերը կը բերէր իր նախագծումները, որոնք դիտելու ժամանակ հարց կը յառաջանար, թէ ան ի՞նչ գիրքեր կ՚ընթերցէ, ի՞նչ  կայ անոր միտքին մէջ: Ան կը ներկայացնէր շատ իւրօրինակ նկարներ, որոնք նման չէին այլ նկարիչներու գործերուն: Կը կարծեմ՝ Մհերը կրնար դառնալ նաեւ հետաքրքրական յօրինող մը», նշեց ան։

Իր կարգին, արձակագիր Սամուէլ Խալաթեանն ալ դիտելով կտաւները ըսաւ, որ   այսպէս կրնայ նկարել միայն այն, որ այդ բնութեան մէկ մասնիկն է, որ գտնուած է պատկերուած վայրերուն մէջ, ուր մանկութիւնն ու պատանեկութիւնը անցուցած է: «Այս կտաւներուն մէջ պատկերուած են հայրենիքն ու անոր հանդէպ սէրը», ընդգծեց ան:

Իսկ Մհեր Յարութիւնեան ընդգծեց, որ նկարիչը պէտք է ստեղծէ արժէք, ինչ որ անհրաժեշտ է ապագայ սերունդներուն։ «Ստեղծագործելու ատեն կը լսեմ բնութեան ձայնը: Իմ բնանկարները իրապաշտական են. ինծի համար շատ կարեւոր է բանալ աչքերս, նայիլ բնութեան, ոչ թէ փակուիլ սենեակին մէջ ու յօրինել պատկերներ», շեշտեց  նկարիչ Մհեր Յարութիւնեան:

Հինգշաբթի, Մարտ 21, 2019