ԵՐԿԱՐԱՁԳՄԱՆ ՊԱՀԱՆՋ

Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու ղեկավարները այսօր կը գումարեն ժողով մը, որու օրակարգի առաջնահերթ նիւթն է BREXIT-ի թնճուկը։ Անգլիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյ BREXIT-ի գործընթացի երկարաձգման համար պահանջ ներկայացուցած է ԵՄ-ին եւ այսօրուան գագաթաժողովի ընթացքին օրակարգի վրայ կու գայ սոյն խնդիրը։ ԵՄ-ի 27 երկիրներու հաւանութիւնը անհրաժեշտ է, որպէսզի գոհացում տրուի Լոնտոնի այդ պահանջին։ Ըստ նախապէս որդեգրուած ժամանակացոյցին, Անգլիա 29 մարտին դուրս եկած պիտի ըլլար Եւրոմիութեան կազմէն։ Բայց եւ այնպէս, վարչապետ Մէյի կառավարութեան կողմէ ԵՄ-ի հետ ապահովուած BREXIT-ի համաձայնութիւնը Անգլիոյ Երեսփոխանական ժողովին կողմէ երկու անգամ ջախջախիչ մեծամասնութեամբ մերժուեցաւ՝ յունուարի 15-ին եւ մարտի 12-ին։ Թերեզա Մէյ կը նախատեսէր այդ համաձայնութիւնը երրորդ անգամ ներկայացնել խորհրդարան, սակայն այդ կէտին վրայ միջամտեց Երեսփոխանական ժողովի նախագահ Ճոն Պերքոու։ Արդարեւ, այս վերջինը նոյն համաձայնութեան խոր-հըրդարանական նոյն նստաշրջանի ժամանակ վերստին քուէարկութեան դրուիլը նախընթացներուն տեսակէտէ խոտոր նկատեց եւ հաւանութիւն չտուաւ վարչապետի մը-տադրութեան։

«Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Թերեզա Մէյ Անգլիոյ Երեսփոխանական ժողովէն ներս երէկ տեղեկացուց, որ, նամակ մը ուղարկած է ԵՄ-ի խորհուրդի նախագահ Տանըլտ Թուսքին՝ պահանջելով BREXIT-ի բանակցութիւններու երկարաձգումը մինչեւ յունիսի 30-ը։ Շաբաթական «Վարչապետին հարցումներ»ու նիստին ժամանակ Մէյ ընդգծեց, որ որպէս վարչապետ՝ պատրաստակամ չէ BREXIT-ը 30 յունիսէն աւելի ուշ թուականի մը երկարաձգելու։ Ան կրկնեց նաեւ իր մը-տադրութիւնը՝ BREXIT-ի համաձայնութիւնը անգամ մը եւս խոր-հըրդարանի օրակարգին վրայ բերելու ուղղութեամբ։

Եւրոյանձնաժողովի բանբեր Մինա Անտրէեւան ալ տեղեկացուց, որ Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ժան-Քլոտ Եունքէր հեռախօսազրոյց մը ունեցած է Թերեզա Մէյի հետ։ Ըստ բանբերի բացատրութիւններուն, Եունքէր Մէյը զգուշացուցած էր, որպէսզի BREXIT-ը Եւրոխորհրդարանի ընտրութիւններէն վերջ չըլլայ։ «Մինչեւ մայիսի 23-ը պէտք է BREXIT-ը հասնի իր աւարտին, այլապէս Անգլիա կը պարտաւորուի մասնակցիլ Եւրոխորհրդարանի ընտրութիւններուն», ըսաւ Մինա Անտրէեւա։

Միւս կողմէ, «Պի.Պի.Սի.»ի հաղորդումներով, Մէյ երեսփոխանները մեղադրեց BREXIT-ը խափանարարութեան ենթարկելու մէջ։

Հինգշաբթի, Մարտ 21, 2019