ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏՆԵՐՈՒՆ ՄԻՋԵՒ ԶՐՈՅՑ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի վարչապետ Տիմիթրի Մետվետեւի հետ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, երկու վարչապետները անդրադարձան Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան միջկառավարական խորհուրդի ժողովի նախապատրաստական աշխատանքներուն։ Այդ նիստը ապրիլի 30-ին նախատեսուած է Երեւանի մէջ։ Փաշինեան եւ Մետվետեւ խօսեցան նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւններու քանի մը հրատապ հարցերու շուրջ։

Միւս կողմէ, Փաշինեան երէկ հեռախօսազրոյց մըն ալ ունեցաւ Ղազախիստանի ղեկավարի պաշտօնը ստանձնած Քասըմ Ճէօմերթ Թոքայեւի հետ։

Հինգշաբթի, Մարտ 21, 2019