Ս. ԷՋՄԻԱԾՆԷՆ ՀԵՐՔՈՒՄ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի աղբիւրները այս առաւօտ հանդէս եկան ուշագրաւ հերքումով մը, որ կը վերաբերի Պոլսոյ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին։ Այսպէս, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուութեան համակարգի տնօրէն Տ. Վահրամ Քհնյ. Մելիքեան յայտարարութիւններ ըրաւ «Արմէնփրէս» գործակալութեան եւ անդրադարձաւ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու մօտ արձագանգ գտած զանազան պնդումներուն, ըստ որոնց Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը պատրիարքական ընտրութեան պարագային առաջադրած է Գուգարաց թեմի առաջնորդ Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեանի թեկնածութիւնը ու կ՚աջակցի անոր։ Այս կապակցութեամբ Տ. Վահրամ Քհնյ. Մելիքեան յայտնեց, որ Պոլսոյ հայոց պատրիարքի ընտրութիւններու պարագային Գուգարաց թեմի առաջնորդ Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեանի թեկնածութիւնը առաջարկելու, անոր աջակցելու Վեհափառ Հայրապետի մտադրութեան մասին հրապարակումները չեն համապատասխաներ իրականութեան։ «Բոլոր եկեղեցականներն ալ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հայրական հոգածութեան եւ հոգեւոր իշխանութեան ներքեւ ծառայող սպասաւորներ են։ Եւ այդ իմաստով Վեհափառ Հայրապետը երբեւէ որեւէ պարագայի մէջ տարբերութիւն չէ դրած եկեղեցականներու միջեւ։ Այս պարագային, այդ ընտրութեան կրնան մասնակցիլ բոլոր այն անձերը, որոնք կը բաւարարեն պահանջները։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին կողմէ առաջադրուած մասնաւոր թեկնածու մը չկայ։ Անոնք, որոնք կը համապատասխանեն պահանջներուն, հաւասար պայմաններու մէջ պիտի գործեն», յայտարարեց Տ. Վահրամ Քհնյ. Մելիքեան։

Ինչպէս ծանօթ է, Գուգարաց թեմի առաջնորդ Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեան շաբաթավերջին ներկայ գտնուած էր հոգելոյս Պատրիարք Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանի յուղարկաւորութեան, վերջին օծման եւ թաղման արարողութիւններուն՝ մաս կազմելով Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի պատուիրակութեան։ Եռանդամ այդ պատուիրակութեան գլուխը գտնուած էր Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի մօտ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան, որ ընթերցած էր Վեհափառ Հայրապետի ցաւակցական պատգամը։ Պատուիրակութեան երրորդ անդամն էր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դիւանապետ Տ. Արշակ Եպսկ. Խաչատրեան, որ մատուցած էր Սուրբ Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ Ս. Պատարագը։ Ինչպէս հաղորդած էինք, Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան երկուշաբթի հրաժեշտ առած էր քաղաքէս։ Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեան եւ Տ. Արշակ Եպսկ. Խաչատրեանն ալ երէկ ուշ երեկոյեան քաղաքէս հրաժեշտ առին Իսթանպուլ-Երեւան թռիչքով։

Հարկ է յիշեցնել, որ Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեան տարիներէ ի վեր արդէն յայտարարած էր, որ թեկնածու է Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի գահակալ դառնալու համար։

Հինգշաբթի, Մարտ 21, 2019