ԻԼՀԱՄ ԱԼԻԵՒ ՆԵՒՐՈՒԶԻ ԱՌԹԻՒ ԽԱՐՈՅԿ ՎԱՌԵՑ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՄԷՋ

Շիի աշխարհը շաբաթավերջին նշեց Նեւրուզի տօնը։ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ եւ Առաջին տիկին Միհրիպան Ալիեւա Նեւրուզի տօնակատարութիւններուն մասնակցեցան Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, ուր մեծ խարոյկ մը վառեցին։ 44-օրեայ պատերազմէն վերջ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներէն ներս Ալիեւ յայտնեց, որ պատմական յաղթանակէն վերջ արդէն երկրորդ անգամ Նեւրուզը կը տօնեն Լեռնային Ղարաբաղի մէջ։

Այս առթիւ ունեցած ելոյթին ժամանակ Ալիեւ նշեց, որ յիշեալ տարածքներէն ներս ծաւալուն քաղաքաշինութեան ծրագիրներու ձեռնարկած են։ Իրենց բուն նպատակը կը համարուի ապահովել, որ տեղահանեալ քաղաքացիները ժամ առաջ վերադառնան իրենց հայրենիքը։ Ալիեւ յայտնեց, որ Ատրպէյճան հզօր է եւ ի զօրու՝ այս բոլոր գործերը տեսնելու։ «Մենք յաւերժ վերադարձած ենք Ղարաբաղ եւ արեւելեան Զանգեզուր եւ այստեղ՝ մեր պատմական հողերուն վրայ պիտի ապրինք յաւերժ», ըսաւ Ալիեւ եւ աւելցուց, որ Լեռնային Ղարաբաղ ունի բնական ու պատմական գեղեցկութիւններ, որոնց վրայ նոր գեղեցկութիւններ պիտի աւելցուին։ «Ատրպէյճանցիները այստեղ հանգիստ, անվտանգ ու անդորր պիտի ապրին։ Խաղաղութեան ու անվտանգութեան երաշխաւորը Ատրպէյճանի պետութիւնն է, անոր զինեալ ուժերով հանդերձ։ Ուրախ եմ, որ իմ սիրելի ժողովուրդին ուղղեալ Նեւրուզի շնորհաւորութիւնները կը փոխանցեմ բռնագրաւումէ ազատագրուած Ղարաբաղի մէջ։ Ապագային ալ Ատրպէյճանի թափով զարգացման համար պիտի ընեմ հնարաւորս։ Ղարաբաղը Ատրպէյճան է», ըսաւ Ալիեւ։

Հայաստանեան լրատուամիջոցները այս կապակցութեամբ կը յայտնեն, որ Ալիեւ հերթական անգամ հանդէս եկած է տարածքներ ազատագրելու վերաբերեալ կոչով։

Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Լէյլա Ապտուլլաեւա շաբաթավերջին յայտարարեց, որ Հայաստան ճիշդ հետեւութիւններ չէ ըրած 44-օրեայ պատերազմի մասին։ Բանբերը այս յայտարարութիւնը ըրաւ արձագանգելով օրեր առաջ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ Երեւանի մօտ ՄԱԿ-ի առաքելութեան ներկայացուցիչի նկատառման յանձնուած բողոքին։ Այսպէս, այդ բողոքին պատճառ դարձած էր Շուշիի մէջ կազմակերպուած համաժողովի մը ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչին մասնակցած ըլլալը։

Երկուշաբթի, Մարտ 21, 2022