ՆԱԽԱՐԱՐ ՉԱՎՈՒՇՕՂԼՈՒ ԿԸ ԽՕՍԻ ԼԱՒԱՏԵՍ ՇԵՇՏՈՎ

Ռուսաստան-Ուքրայնա ռազմական գործողութիւններու առկայ մտահոգիչ իրավիճակին մէջ կը շարունակուին Թուրքիոյ միջնորդական ջանքերը։ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու շաբաթավերջին յայտարարեց, որ Անգարա ճիգ կը գործադրէ անաչառ միջնորդ մը ըլլալու համար եւ կողմերը մօտ են համաձայնութեան։ Իր խօսքով՝ Մոսկուայի եւ Քիեւի միջեւ կարգ մը կէտերու շուրջ համաձայնութիւն գոյացած է, իսկ մնացեալ կարգ մը հարցերու լուծումը կախում ունի նախագահներէն։

Պատերազմական գործողութիւնները շաբաթավերջին շարունակուեցան ամբողջ սաստկութեամբ։ Ուքրայնայի պաշտօնական աղբիւրները հաղորդեցին, որ բոլոր ճակատներու վրայ Ռուսաստանի բանակի յառաջխաղացումը կասեցուած է։ Ռուսաստանի աղբիւրներն ալ հաղորդեցին, որ Ուքրայնայէ ներս մօտաւորապէս հարիւր ռազմական թիրախ ոչնչացուած է ռուսական ռազմաօդային ուժերուն կողմէ։

Քիեւի պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ այսօր Մոսկուայի հետ առցանց բանակցութիւնները կը շարունակուին։ Հեռավար բանակցութիւններու այս փուլին նախորդած է աշխատանքային ենթայանձնախումբերու կողմէ ծաւալուած աշխոյժ գործունէութիւն։

Մինչ Արեւմտեան աշխարհը կը շարունակէ խստացնել Ռուսաստանի դէմ պատժամիջոցները, Չինաստանի Արտաքին գործոց նախարար Վանկ Եի շաբաթավերջին յայտարարեց, որ այս խնդրին կապակցութեամբ Փեքին դիրքորոշուած է պատմութեան ճիշդ կողմը։ Իր կարգին, ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Եէնս Սթոլթենպերկն ալ յայտնեց, որ կը ձգտին ապահովել ռազմական գործողութիւններու Ուքրայնայի սահմաններէն դուրս չյորդիլը՝ կանխելու համար Ռուսաստանի եւ դաշինքի միջեւ հաւանական պատերազմ մը։

Ուքրայնայի նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին ալ յայտարարեց, որ իր երկիրը պիտի չընդունի ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան կորուստը։ Ան համոզուած է, թէ Ռուսաստանի հետ բանակցութիւններու տեսակէտէ նախընտրելի վայր մըն է Երուսաղէմը, զոր բնորոշած է խաղաղութիւն գտնելու համար ճիշդ վայր մը։

Զելենսքի շաբաթավերջին ստորագրեց հրամանագիր մը, որով ռազմական դրութեան պայմաններով երկրի բոլոր հեռուստաալիքներու միասնական հեռարձակում կը նախատեսուի։ Միեւնոյն ժամանակ, իր տնօրինութեամբ Ուքրայնայի կարգ մը կուսակցութիւններու գործունէութիւնը առկախուած է։

Երկուշաբթի, Մարտ 21, 2022