ՉՈԼԱՔԵԱՆԻ ՄԵԾԱՐԱՆՔՆ ՈՒ «ՀԱՅ ՈՒՍՈՒՑԻՉ»Ը
Երեւանի մէջ, Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան (ԱՀԱԸ) յարկին տակ եւ կազմակերպութեամբ Քեսապէն ու Մուսա լեռնէն հայրենաբնակ երիտասարդներու, տեղի ունեցաւ մեծարանքի երեկոյթ մը, մեզմէ ի պատիւ Յակոբ Չոլաքեանի, որ մեզմէ շատերուս համար յայտնի անուն մըն է։
Յակոբ Չոլաքեանի անունին առաւելաբար ծանօթ դարձայ հայրենադարձ ըլլալէս ի վեր, երբ ան տարբեր առիթներով՝ յատկապէս Քեսապի գրաւումէն ետք, սկսաւ հանդէս գալ եւ խօսիլ հայկական այդ բնակավայրին մասին։
Ի՛նչ մեղքս թաքցնեմ, իրապէս չէի գիտեր, որ այս պարզ ու անկեղծ զինուորը, մշակոյթի մարդը եւ տիպ ու տառի նուիրեալը այսքան կարեւոր աւանդ մը ունի։ Աւելի քան յիսուն աշխատութիւններ, գիրքեր, յօդուածներ եւ հանրային ելոյթներ… Անոնցմէ ամենակարեւորը, անշուշտ «Հայ ուսուցիչ» կոչումն է, զոր Չոլաքեան արդարօրէն վաստակած է՝ իր աշխատասիրութեամբ եւ մեծարած է մեզ ու հայ դպրութիւնը՝ անձնական օրինակով վկայելով, որ ուսուցչութիւնը սոսկ ասպարէզ մը չէ, այլ նուիրում է, սէր է, կապուածութիւն է եւ մեր արժէքային համակարգի հոգեւոր շէնքին մէջ լոյս սփռելն է։
Չոլաքեանի նուիրման մասին կարելի է երկար գրել՝ մանաւանդ այսօրուայ մարդուժի սովի ժամանակներուն, երբ ունինք հսկայ եւ գեղակերտ շէնքեր, երբ ունինք մեծակերտ ու շէնշող վարժարանի շէնքեր, սակայն անոնց կողքին իսկապէս կը տագնապինք իրաւ ուսուցիչներու պակասէ… Թող այս մէկը վիրաւորական չհամարուի, բայց եւ այնպէս, կարեւոր խնդիր է՝ մանաւանդ սփիւռքի մէջ։
Գուցէ Յակոբ Չոլաքեան վառ օրինակ մը պէտք է դառնայ այն մեծ նուիրումին, որուն ճակատին վրայ գրուած է «Հայ ուսուցիչ» եւ գուցէ Երեւանի այս հանդիսութիւնը խթան դառնայ, որպէսզի ազգովին արժեւորենք այն նուիրեալները, որոնք ասոր կամ անոր տուրք տալու համար չեն գործած ու չեն գործեր, որոնք միայն ապրուստ մը վաստակելու համար ուսուցչութեամբ չեն զբաղիր, այլ կու տան իրենց եսէն, կու տան իրենց հոգիէն ու ամենակարեւորը՝ կը սիրցնեն այն նիւթը, որուն մատակարարներն են։
Ոսկեայ օղակ է Յակոբ Չոլաքեան եւ անոր կեանքն ու համակ ապրումը մեզի համար պէտք է դառնայ ուսանելի եւ պաշտամունքի առարկայ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան