ԵՌԱԿՈՂՄԱՆԻ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Հարաւային Կովկասի բարդ հաւասարակշռութիւններու եւ Հայաստանի Հանրապետութեան դիմագրաւած գոյաբանական մարտահրաւէրներու պայմաններուն ներքեւ՝ Երեւան-Ուաշինկթըն-Պրիւքսէլ առանցքին վրայ բարձր մակարդակով ռազմավարական որոնումները կը շարունակուին։ Թէեւ այս որոնումները Հայաստան-Ռուսաստան յարաբերութիւններուն մէջ տագնապներ կը յառաջացնեն, սակայն վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութիւնը թափ կու տայ եռակողմանի գործակցութեան։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, յառաջիկայ ապրիլի 5-ին Նիկոլ Փաշինեան Պրիւքսէլի մէջ ժամադրուած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի եւ Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լէյէնի հետ։ Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան երէկ յայտարարեց, որ այս եռակողմանի ժամադրութեան ընթացքին օրակարգի վրայ պիտի գտնուին Հայաստանի զարգացման նպաստ բերելու ուղղեալ համագործակցութեան ուղիները։ Իր խօսքով՝ եռակողմանի հանդիպումը տեղի կ՚ունենայ ի շարունակութիւն 5 հոկտեմբեր 2023 թուականի Կրանատայի Փաշինեան-Ֆոն տեր Լէյէն համատեղ յայտարարութեան։ «Միջոցառումը նպատակ ունի նաեւ ամրապնդել Հայաստանի դիմակայութիւնը», ըսաւ Արմէն Գրիգորեան։

Միւս կողմէ, Նիկոլ Փաշինեան երէկ Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս անդրադարձաւ Ատրպէյճանի հետ սահմանազատման գործընթացին։ Իր խօսքով՝ այս պահու դրութեամբ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ չկայ որեւէ համաձայնութիւն քարտէսներու վերաբերեալ։

«Պէտք է առաջնորդուիլ՝ ինչը մերն է, մերն է, ինչը մերը չէ, մերը չէ տրամաբանութեամբ», յայտարարեց վարչապետը խորհրդարանի ամպիոնէն։ Կառավարութիւն-խորհրդարան հարցում-պատասխանի ընթացքին երեսփոխաններու հարցումներուն պատասխանելու ժամանակ վարչապետը ընդգծեց, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը չի պատրաստուիր իր միջազգայնօրէն ճանչցուած տարածքներէն ոեւէ մէկուն զիջել։

Խորհրդարանի երէկուան քննարկումներուն ընթացքին ընդդիմադիր պատգամաւոր մը Նիկոլ Փաշինեանին ուղղեց հետեւեալ հարցումը. «Դուք այս երկրի վարչապե՞տն էք, թէ Ատրպէյճանի կալուածոց գործակալը»։ Ի պատասխան՝ Նիկոլ Փաշինեան յայտնեց, որ ինք ոչ թէ պատմական Հայաստանի վարչապետն է, այլ այսօրուան Հայաստանի Հանրապետութեան։ Ան իր որդեգրած քաղաքականութիւնը հիմնաւորեց ու պաշտպանեց ըստ հետեւեալի. «Մենք ի՞նչ կը ստանանք՝ մենք կը ստանանք պետական սահման։ Այո, մենք կ՚ըսենք, որ Հայաստանի Հանրապետութեան բռնագրաւուած տարածքներ կան։ Անոնք կը գտնուին բռնագրաւման տակ եւ այս ձեւակերպմամբ արդէն ակնյայտ է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքի որեւէ մէկ հատուած Հայաստանի կառավարութիւնը չի պատրաստուիր ոեւէ մէկուն զիջել»։

Ատրպէյճանի՝ Հայաստանի բռնագրաւեալ տարածքներէն դուրս գալու հաւանականութեան վերաբերեալ հարցումի մը ի պատասխան՝ Փաշինեան աւելցուց. «Նախ այդ հարցման պատասխանը տալու եւ այդ հարցը լուծելու համար մենք պէտք է ճշդենք՝ ո՞րն է մեր տարածքը։ Եւ մեր տարածքը ճշդելը առաջին կարեւոր եւ պարտադիր նախապայմանն է ու քայլն է, որով մենք պէտք է ձեւակերպենք մեր տարածքներէն դուրս գալու պահանջը գործնականօրէն, իրաւականօրէն ու քաղաքական»։

Հինգշաբթի, Մարտ 21, 2024