ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՇՈՒՐՋ ՕՂԱԿԸ…

Հայաստան կը շարունակէ ներքին մեծ լարումներու իսկական թատերաբեմը հանդիսանալ եւ սա ամէ՛ն օր։ Ճիշդ է, որ երկրին մէջ բողոքի հաւաքները շատ քիչ են կամ առհասարակ չկան, բայց եւ այնպէս, Հայաստանի կառավարութեան արտաքին քաղաքականութեան զուգահեռ ներկայացուցած թեզերը քանի մը առումով լուրջ մտահոգութիւններու տեղի կու տան։ Ու այս պատճառով, անշուշտ, արտաքին ազդակները՝ ներառեալ կարգ մը պարագաներու սպասումները կամ նոյնիսկ վախերը Հայաստանի հասարակութիւնը բաժանումներու մէջ թաւալման կը տանին։

Իշխանական խմբակը, գլխաւորութեամբ Նիկոլ Փաշինեանի, միշտ ալ Ռուսաստանի հաշիւը ըրած է։ Ան այսօր կարծես իր բոլոր խաղաքարտերը կ՚ուզէ բանալ այլ ուղղութեամբ։ Միեւնոյն ժամանակ, իշխանական գլխաւոր դէմքերը, որոնք երկար ժամանակէ ի վեր հակառուսականութեան քարոզը յառաջ կը տանէին, այսօր սկսած են քաղել իրենց ցանած պտուղները։ Միւս կողմէ, ընդդիմութիւնը, որուն համար կարեւոր թեզ կը շարունակէ մնալ Ռուսաստանէն հեռանալու պարագային յառաջանալիք վտանգներուն մասին զգուշացումներ տալը, միշտ նոյն ճամբարին մէջ է՝ հեռու մնալով թարմութիւն ապահովելիք կամ նոյնիսկ վճռական քայլերէ։ Բացի այս երկուքէն, կայ երրորդ կողմը, որ Եւրոպայէն հնչած կոչերուն վաղուց կը սպասէր եւ այսօրուան օրը կը համարէ բախտաւոր, եղելութիւնը կը նկատէ Հայաստանի փրկութեան միակ ու վերջին լաստը։

Պարզ յայտարարութիւն մը, որ կը խօսի Հայաստանի Եւրոմիութեան անդամակցութեան հաւանական թեկնածութեան մասին, այսօր դարձած է ձիւնեգնդակ մը, որ տակաւին կրնայ թաւալիլ, աճիլ ու մեծնալ։ Երեք կողմերը անվստահութեան մը եզերքներուն են։ Աւելի քան յստակ է, որ այս ամբողջ պատկերը հաշուի առնելով՝ երկու հիմնական ուժերուն՝ Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ առկայ լարուածութեան օղակը ժամ առ ժամ աւելիով պիտի սեղմուի։ Տակաւին պարզ չէ, թէ ի՞նչ պիտի տայ Եւրոմիութիւնը՝ ինքզինք «անտէր» հռչակած Հայաստանին։ Նոյնպէս տակաւին պարզ չէ, թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ Ռուսաստանի պատասխան-հարուածը, եթէ այս գործընթացները աւելիով հիմնաւորուին ու դառնան իսկական հիմք մը՝ Հայաստանի արտաքին արեւելման ընդհանուր փոփոխութեան մը եզրագծին համար։

Եթէ Հայաստան աւելի վճռական քայլեր առնէ եւ, օրինակի համար, պահանջէ, որ Ռուսաստան փակէ Կիւմրիի իր ռազմախարիսխը, ապա այդ մէկը պիտի ընդունուի՝ որպէս թշնամական քայլ։ Ասոր փոխարէն Եւրոմիութիւնը կամ հաւաքական Արեւմուտքը Հայաստանին ելմտական օժանդակութեան նոր բաժին մը տրամադրելով կրնայ գոհանալ։ Յամենայնդէպս, այդ վարքագիծը ոչինչով պիտի նպաստէ Հայաստանի անվտանգային՝ բաւական բարդ ու լուրջ իրավիճակի փարատման։ Ու հոս է, անշուշտ, որ կը ծագի մեծագոյն հարցումը. այս բոլորէն ետք ի՞նչ կրնայ ըլլալ Մոսկուայի պատասխանը։ Ան միշտ ալ սիրած է նման վարքի, նման մօտեցումներու կամ սպառնալիքներու պատասխանել շատ սառն շունչով եւ ոգիով։

Անշուշտ, այս բոլորի լոյսին տակ ամենէն աւելի շուարած է Հայաստանի շարքային քաղաքացին, որ ընդհանրապէս կորսնցուցած է վստահութիւնը թէ՛ իշխանութեան եւ թէ ընդդիմութեան հանդէպ։ Ան պատրաստ է ամէն տեսակ երանգաւորման՝ միայն թէ երկիրը նոր պատերազմէ մը խնայուի։ Ի հարկէ, այս բոլորին մէջ առկայ են Հայաստանի հասարակութեան, քաղաքական համայնապատկերը ու ակնյայտ սխալները, որոնց մեծ պատկերին մէջ ուրոյն տեղ ու դեր ունին կարգ մը մարդիկ։ Անոնց սխալները երկար տարիներէ ի վեր կուտակուած էին ու կերպով մըն ալ ներկայ ժամանակներուն մաս դարձան՝ հայ ժողովուրդի բարոյահոգեբանական համակարգին։

Ի դէպ, այս հարցադրումներուն շուրջ վերջերս ուշադրութիւն գրաւեցին քաղաքագէտ Վահէ Յովհաննիսեանի դիտարկումները, որոնք շարադրուած էին «Հայաստանը առանց խելքի» խորագրին ներքեւ։ Իր բանաձեւումով՝ պատերազմէն ետք Հայաստանի ընդդիմութիւնը «Հայաստանն առանց թուրքի» կարգախօսով կ՚ուզէր իշխանութենէն հեռացնել Փաշինեանը, իսկ այժմ Փաշինեան իշխանութեան գլուխ մնալ կ՚ուզէ՝ «Հայաստանն առանց ռուսի» կարգախօսով։

«Մեր ամբողջ պատմութեան ընթացքին մենք կը փորձենք որեւէ ուժ հեռացնել Հայաստանէն, բայց միշտ կը ստանանք «Հայաստանն առանց հայու» արդիւնքը։ Արցախը արդէն չունինք ճիշդ ա՛յս տրամաբանութեամբ: Ողբերգութիւններու պատճառը այն է, որ մենք այս բարդ տարածաշրջանին մէջ կ՚ապրինք «Հայաստանն առանց խելքի» տրամաբանութեամբ։ Սա է մեր բոլոր աղէտներուն պատճառը։ Մենք աղէտէ աղէտ ո՛չ միայն հետեւութիւն չենք ըներ, այլեւ կը կատարելագործենք մեր անխելքութիւնը», գրած է ան։

Քաղաքագէտը համոզուած է, թէ ներկայ անկայուն աշխարհին մէջ պետութիւններու գոյատեւման համար կայ երկու գործօն՝ կա՛մ բնական պաշարներ, կա՛մ բնական խելք։ Այսօրուան Հայաստանը երկուքն ալ չունի, բայց ողբերգութիւն է, որ խելամիտ կառավարման համար հանրային պահանջարկն ալ չկայ։ Կան խելացի անհատներ, բայց խելացի համակարգերը խստիւ կը պակսին։

Դիտարկումները կը շարունակուին ըստ հետեւեալի. «Երբ կար հայկական Արցախ ու Լաչինի միջանցքը կը գործէր, Ալիեւ ձեւակերպեց իր պայմանը՝ անոր հաւասար կարգավիճակներ տալ՝ փոխարէնը այն ճանապարհին, որ Ատրպէյճանը Նախիջեւանին պիտի կապէր։ Հայկական քաղաքական միտքը, ինչպէս շատ յաճախ, ֆիտայականութենէն այն կողմ չանցաւ։ Իշխանութիւնը չհասկցաւ կամ վախցաւ նիւթը շարունակելու, իսկ անոր բազմատեսակ ընդդիմախօսները «ո՛չ մէկ ճանապարհ, ո՛չ մէկ միջանցք, ո՛չ մէկ թուրք, ո՛չ մէկ ռուս…» անիմաստ ձայնավարժանքի մէջ էին։ Հասարակութիւնը՝ մեծէն փոքր, խելօքէն անխելք, դարձած էր միջանցքի վկայ՝ առանց հասկնալու, թէ խօսքը ինչի՛ մասին է։ Ստացանք դատարկուած Արցախ, ստացանք Լաչինի չգործող ճանապարհ, բայց մեզմէ ակնկալուած ճանապարհը նոյն թափով ուժի մէջ է՝ որպէս խաղաղութեան կոշտ նախապայման։ Արցախի ինն ամսուան շրջափակման տեւողութեան, իսկ սա բաւական լուրջ ժամանակ էր, հայկական քաղաքական, պետական միտքը չգտաւ որեւէ լուծում։ Մինչդեռ այդ լուծումները կային։ Ինն ամիս մենք ոչինչ ըրած ենք, ուղղակի սպասած ենք աղէտին։ Պարզ չէ՞, որ նման պայմաններու ներքեւ աղէտը պիտի գար»։

Քաղաքագէտը կը շեշտէ, որ այժմ նոր պատմական արկածախնդրութեան փուլ մը թեւակոխած է Հայաստան։ Դարձեալ նոյն հետեւանքը պիտի ունենայ ու դարձեալ, ճամբարներու բաժնուած, պիտի մեղադրուին թուրքը, ռուսը, Արեւմուտքը եւ այլն։ «Ու անվերջ այսպէս պիտի ըլլայ, որովհետեւ չենք ընդունած, որ մեր տապալումներու եւ ողբերգութիւններու պատճառներն են՝ մեր պետական մտածելակերպը, մեր կենցաղային մտածելակերպը ու պետութեան եւ աշխարհի մասին մեր պատկերացումները», նշած է Վահէ Յովհաննիսեան։

Առկայ փակուղիէն դուրս գալու համար քաղաքագէտը անհրաժեշտ կը նկատէ նոր խելացի ձեւաչափեր։ «Այս իշխանութեան մնալը կ՚երաշխաւորէ աղէտ, բայց իշխանափոխութիւնը մեքենայականօրէն չ՚ենթադրեր լաւ զարգացումներ։ Մենք կրնանք ունենալ դարձեալ վատ, այլ որակի վտանգաւոր իշխանութիւն մը։ Հաւանականութիւնը փոքր չէ։ Յառաջիկային խելացի իշխանութիւն մը ունենալու համար այսօր պէտք է ձեւաւորել խելացի ձեւաչափեր. միաւորներ, որոնք իրականութիւնը եւ ընելիքները լիարժէք ճիշդ կը հասկնան, հաւանական անսպասելի յաջողութեան տեսլականը իրենց մտքին մէջ կ՚ըլլայ եւ գրագէտ, սառն քայլերով կ՚երթան դէպի այդ յաջողութիւնը՝ երբեմն համեստ, երբեմն ալ ոչ-չափանշական քայլերով։ Միայն խելքով հնարաւոր է կառուցել անվտանգ, ժամանակակից եւ խելացի պետութիւն մը», եզրափակուած են քաղաքագէտին դիտարկումները։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Մարտ 21, 2024