ԱՐԹՕ ԹՈՒՆՉԻ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՀԱՄԵՐԳԸ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Շա­բա­թա­վեր­ջին, Ե­րե­ւա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ յայտ­նի ու հա­մակ­րե­լի ե­րա­ժիշտ Ար­թօ Թունչ­պո­յա­ճեա­նի հա­մեր­գը։ Ինչ­պէս միշտ, այս ան­գամ եւս իր ե­լոյ­թը ար­ժա­նա­ցաւ ե­րաժշ­տա­սէր­նե­րու մօ­տիկ հե­տաքրք­րու­թեան։ Ե­րե­ւա­նի Օ­փե­րա­յի եր­դի­քին տակ, Ար­թօ Թունչ­պո­յա­ճեան հան­դէս ե­կաւ «Հայ­կա­կան նա­ւա­տոր­մի նուա­գա­խումբ»ին հետ։ Ունկն­դիր­նե­րը ե­րե­կոյ­թի ըն­թաց­քին ջերմ ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րով ող­ջու­նե­ցին Ար­թօ Թունչ­պո­յա­ճեանն ու իր նուա­գա­կից­նե­րը՝ ար­տա­յայ­տե­լով մեծ հա­մակ­րանք։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 21, 2015