ԵՐԿՈՒ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐՈՒ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆԸ

Կազ­մա­կեր­պու­թեամբ Լի­բա­նա­նի Աթ­լե­թիզ­մի դաշ­նակ­ցու­թեան տե­ղի ու­նե­ցաւ Լի­բա­նա­նի դպրոց­նե­րու մարմ­նա­մար­զու­թեան ա­խո­յե­նու­թիւ­նը՝ մաս­նակ­ցու­թեամբ բազ­մա­թիւ վար­ժա­րան­նե­րէ ե­կած երկ­սեռ ա­շա­կերտ­նե­րու:

Հա­մազ­գա­յի­նի «Մե­լանք­թոն եւ Հայկ Արս­լա­նեան» ճե­մա­րա­նի տար­րա­կան բա­ժի­նէն եր­րորդ դա­սա­րա­նի ա­շա­կերտ Նա­րօտ Կիւ­րիւն­լեան հան­դի­սա­ցաւ 2007-ի ծնունդ դա­սա­կար­գին մէջ Լի­բա­նա­նի ա­խո­յեան, իսկ նա­խակր­թա­րա­նի չոր­րորդ դա­սա­րա­նէն Քրիստ Պար­սու­մեան՝ 2006-ի ծնունդ դա­սա­կար­գի Լի­բա­նա­նի ա­խո­յեան:

Այս բացառիկ յաջողութեան համար կը շնորհաւորենք Նա­րօտ Կիւ­րիւն­լեանն ու Քրիստ Պար­սու­մեանը եւ իրենց կը մաղթենք նորանոր յաջողութիւններ։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 21, 2016