ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԻՐԱՔԻ ՄԷՋ ՓՔՔ-Ի ԴԷՄ ԾԱՆՐ ՀԱՐՈՒԱԾՆԵՐ
Թուրք զինեալ ուժերը կը շարունակեն ազդու եւ լայնածաւալ պայքար մղել անջատողական ահաբեկչական ՓՔՔ կազմակերպութեան դէմ։ Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահութեան աղբիւրները տեղեկացուցին, թէ ռազմաօդային ուժերը դարձեալ ՓՔՔ-ի դէմ գործողութիւններ կատարած են Քանտիլի շրջանին մէջ, Հիւսիսային Իրաք։
Երկու F-16 ռազմաօդանաւեր մասնակցած են այս գործողութիւններուն եւ անոնք ՓՔՔ-ի թիրախներուն դէմ ռմբակոծումներ կատարած են՝ հասցնելով լուրջ հարուածներ։
Միւս կողմէ, «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Հաքքեարիի Եիւքսէքօվա գաւառակին մէջ ալ ահաբեկչութեան դէմ ձեռնարկուած լայնածաւալ գործողութիւնը հասաւ իր աւարտին։ Հարկ է նշել, որ Եիւքսէքօվայի մէջ Մարտի 13-էն ի վեր արգիլուած էր փողոց դուրս գալը եւ այդ ժամանակաշրջանէն ի վեր չէզոքացուեցաւ 196 ահաբեկիչ։ Գաւառակի բոլոր թաղամասերէն ներս արդէն փակուած են ահաբեկիչներուն կողմէ բացուած փոսերը ու վնասազերծուած՝ ռումբերը