ՆԱԽԱՅԱՐՁԱԿ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆ
Ատրպէյճանի նախայարձակ գործողութիւնները կը շարունակուին Հայաստանի եւ Արցախի դէմ։ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին եւ Լեռնային Ղարաբաղ-Ատրպէյճան շփման գծին երկայնքով երէկ գիշեր շարունակուեցան կրակոցները։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը տեղեկացուց, թէ պետական սահմանի մերձակայ գօտիէն ներս ազէրի զօրքերը տասնվեց անգամ խախտած են հրադադարը՝ զանազան տրամաչափի հրաձիգներով, դիպուկահարներու կրակներով, ըստ էութեան, անկանոն բնոյթի կրակահերթերով։ Իսկ Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան բանակի աղբիւրները հաղորդեցին, որ Ատրպէյճան խտացեալ ձեւով հրադադարը խախտած է՝ Հադրութի, Ակնայի եւ Մարտակերտի ուղղութիւններով։ Պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ ստորաբաժանումները կը վերահսկեն իրավիճակը ու կը դիմեն առաջնագծի վրայ իրադրութեան զարգացման համահունչ գործողութիւններու։ Դժբախտաբար Ատրպէյճանի նախայարձակ գործողութիւններուն հետեւանքով երէկ նահատակուեցաւ Արցախի Պաշտպանութեան բանակի զինուորներէն Մարատ Դանիէլեան (1984)։
Երէկ, Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան շարունակեց Արցախի շփումները։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ինչպէս նախընթաց օր, այնպէս ալ երէկ Սերժ Սարգսեան Լեռնային Ղարաբաղի Նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ այցելեց շարք մը զօրամասեր։ Երկու նախագահները շփման գծի հիւսիս-արեւելեան եւ հարաւային հատուածներէն ներս տեղակայուած շարք մը զօրամասեր այցելեցին եւ խորհրդակցութիւններ ունեցան հրամանատարական կազմին հետ։ Քննարկուեցան Ատրպէյճանի յարձակումներուն հետեւանքով Արցակի մէջ ստեղծուած իրավիճակին եւ զինուորներու ծառայութեան ընթացքին վերաբերեալ շարք մը հարցեր։ Նախագահներուն հետ էին Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան, Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան նախարար Լեւոն Մնացականեան եւ բարձրագոյն հրամանատարական կազմի ներկայացուցիչներ։ Մինչ Արցախի ճակատին վրայ լարուած ու մտահոգիչ իրադրութիւնը կը մնայ առկայ, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրով այսօր կը ժամանէ Երեւան, ուրկէ ալ պիտի ուղեւորուի դէպի Պաքու։ Ռուս նախարարի տարածքաշրջանային այս այցելութեան օրակարգին վրայ գլխաւոր նիւթն է Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը։
Լաւրովի այցելութեան ընդառաջ Ռուսաստանի զանգուածային լրատուութեան միջոցներէն երկու յառաջատար թերթեր՝ «Իզվեստիա» եւ «Քոմերսանտ» անդրադարձան ղարաբաղեան հարցին ու շեշտեցին, թէ Մոսկուա կը պատրաստուի յառաջիկային աշխոյժ քայլեր առնել այս ուղղութեամբ։ Քրեմլինի մերձակայ աղբիւրները «Իզվեստիա»ին կարգ մը մանրամասնութիւններ հաղորդած են՝ Ռուսաստանի կողմէ նախատեսուած կարգաւորման ծրագրին շուրջ։ Այսպէս, ռուսական դիւանագիտական աղբիւրները կը հաղորդեն, որ Նախագահ Վլատիմիր Փութին յառաջիկային աշխոյժ քայլերու պիտի ձեռնարկէ, որպէսզի հակամարտ կողմերը կարենան փոխադարձ զիջումներ գտնել բանակցութիւններուն մէջ։ ԱՊՀ-ի կաճառի Կովկասի բաժնի ղեկավար Վլատիմիր Եւսէեւ, որ ռազմական հարցերու շուրջ մասնագէտ մըն է, կ՚ենթադրէ՝ թէ այստեղ խօսքը կը վերաբերի եռակողմանի ձեւաչափով բանակցութիւնները վերսկսելու։ Մոսկուա պիտի պարտաւորուի միջամտել, այլապէս մեծ հաւանականութեամբ արդէն յառաջիկայ ամրան կրնան վերսկսիլ ռազմական գործողութիւնները։ Թէ՛ յիշեալ թերթը եւ թէ մասնագէտը համոզուած են, թէ ներկայիս առաջնահերթ կը համարուի նախ եւ առաջ լարուածութեան նուազեցումը։
Եւսէեւի մօտեցմամբ, այսօր անհրաժեշտ է շուտափոյթ կերպով դիտորդներ տեղակայել շփման գօտիէն ներս, ինչպէս նաեւ հակամարտ կողմերը ստիպել՝ շփման գիծէն համաձայնեցուած տարածութեան վրայ ետ քաշել սպառազինութիւնը։ Որքան ատեն, որ առկայ լարուածութիւնը շարունակուի, խնդրի կարգաւորման շուրջ բանակցութիւններուն գծով լուրջ յառաջընթացի մը մասին խօսիլը աւելորդ պիտի ըլլայ։ Այս առումով կը համընկնին «Իզվեստիա»ի եւ Եւսէեւի մօտեցումները։ Յիշեալ թերթը կը գրէ, որ հակամարտ կողմերէն որեւէ մէկը պատրաստ չէ նահանջելու, կ՚ակնկալուին բարդ բանակցութիւններ եւ այս խնդիրը անկարելի է լուծել առանց Ռուսաստանի։
Մոսկուայի մէջ կը տիրէ այն համոզումը, թէ մինչեւ վերջերս Ուաշինկթըն կը ձգտէր Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը կարգաւորել առանց ռուսական կողմին, սակայն սա արդէն ձախողած է։ Եւսէեւ խօսած է նաեւ խաղաղապահներու տեղակայման նիւթին շուրջ։ Ներկայիս այդ մասին խօսիլը աւելորդ է, որովհետեւ առկայ է լուրջ լարուածութիւն եւ ռազմական գործողութիւններու վերսկսման վտանգը կը շարունակուի։ Ըստ իրեն, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի դիտորդներու առաքելութեան ընդլայնման վարկածին կրնայ վերաբերիլ խօսքը։ Եւսէեւի կանխատեսումներով, Երեւան եւ Պաքու նոյնիսկ տեսականօրէն համաձայն չեն գտնուիր, որպէսզի Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղակայուին միայն ռուս խաղաղապահներ։
Ինչպէս «Իզվեստիա»ն, այնպէս ալ «Քոմերսանտ»ը Լաւրովի այցելութեան ընդառաջ մանրամասնութիւններ հրապարակած են Քազանի փաստաթուղթին շուրջ։ Քրեմլինի անանուն բարձրաստիճան աղբիւրներու հաղորդումներուն հիման վրայ՝ «Քոմերսանտ» գրած է նաեւ, թէ Ռուսաստան հնարաւոր բոլոր միջոցները ձեռք կ՚առնէ՝ որպէսզի ամենամօտ ժամանակին հակամարտ կողմերը բանակցային սեղանի շուրջ նստին։ Թերթը մէջբերած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Նախագահ Բակօ Սահակեանի բանբերին խօսքերը, ըստ որոնց առանց Արցախի մասնակցութեան հնարաւոր չէ հասնիլ հարցի լիակատար կարգաւորման։
Տիմիթրի Մետվետեւի նախագահութեան շրջանին հասունցած ու վերջին պահուն ձախողած Քազանի ճանապարհային քարտէսը կը նախատեսէր Լեռնային Ղարաբաղի յարակից տարածքներու յանձնումը Ատրպէյճանին։ Խօսքը ամբողջութեամբ Ճեպրաիլի, Զանկելանի, Քուպաթլուի եւ Քելպեճէրի, ինչպէս նաեւ մասամբ՝ Ֆիզուլիի, Աղտամի եւ Լաչինի շրջաններուն մասին է։ Ըստ այդ փաստաթուղթին, Հայաստան եւ Լեռնային Ղարաբաղ պէտք է իրարու կապուէին Լաչինի միջանցքին միջոցաւ, իսկ Արցախի կարգավիճակը պիտի որոշուէր քանի մը տարի վերջ կայանալիք հանրաքուէով մը, բայց նախ եւ առաջ բոլոր փախստականները պէտք է վերադառնային։ «Քոմերսանտ»ը գրած է, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյանի նախագահները կարգավիճակի հարցին հետեւանքով չեն կրցած հասնիլ համաձայնութեան։ Երեւան քանի մը անգամ պաշտօնապէս յայտարարած է, որ պատրաստ էր ընդունիլ Քազանի փաստաթուղթը ու վերջին պահուն Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւը հրաժարած էր այդ փաստաթուղթը ստորագրելէ։ Երեւանի աղբիւրները քանիցս ընդգծած են նաեւ, որ Հայաստան երբեք չի հրաժարիր իր հիմնական պահանջէն՝ Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան ճանաչումէն։