ՉԱՆՔԱՅԱՅԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Եէնս Սթոլթենպերկ երէկ շփումներ ունեցաւ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ։ Այս առթիւ ան հիւրընկալուեցաւ Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլուի կողմէ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Չանքայայի նախագահական ապարանքին մէջ Տավուտօղլու եւ Սթոլթենպերկ դռնփակ տեսակցեցան մէկուկէս ժամ։ Տեսակցութեան ներկայ էին նաեւ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու եւ Ազգային պաշտպանութեան նախարար Իսմէթ Եըլմազ։
Եէնս Սթոլթենպերկի Անգարա այցելութիւնը կը յաջորդէ Պրիւքէսլի մէջ տեղի ունեցած ՆԱԹՕ-Ռուսաստան խորհուրդի ժողովին։ Դաշինքի ընդհանուր քարտուղարը յայտնեց, որ ՆԱԹՕ-ի եւ Ռուսաստանի միջեւ գոյութիւն ունին խոր տարաձայնութիւններ։ Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցած նիստը այդ տարաձայնութիւններուն յաղթահարման առիթ չէ ընձեռած։ Ժողովները նախատեսուածէն երկու ժամ աւելի տեւեցին, որովհետեւ բանավէճը անկեղծ էր եւ լուրջ։ Սթոլթենպերկի խօսքերով, ապագային այդ նիստերը պիտի շարունակին։ Թէեւ կողմերու միջեւ դադրած է քաղաքական համագործակցութիւնը, բայց խորհուրդի աշխատանքը չէ ընդհատուած։ Միեւնոյն ժամանակ, խորհուրդի ժողովին գումարուիլը չի նշանակեր, որ կողմերը կը վերադառնան սովորական թափով աշխատանքին։ Արդարեւ, ՆԱԹՕ-ի եւ Ռուսաստանի շահերէն կը բխի երկխօսութեան համար կապուղիներու բաց պահուիլը։
Սթոլթենպերկ Թուրքիա ժամանած է՝ ՆԱԹՕ-Ռուսաստան յարաբերութիւններուն տեսակէտէ բարդ ժամանակաշրջանի մը մէջ երբ միեւնոյն ժամանակ Ռուսաստան-Թուրքիա առանցքին վրայ ալ առկայ է լուրջ լարուածութիւն։ Թրքական վերլուծական կազմակերպութիւններ այս մթնոլորտին մէջ կը մատնանշեն, թէ Ռուսաստանի եւ Հայաստանի դաշինքը առկայ պայմաններով սպառնալիք մը կը համարուի թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ ՆԱԹՕ-ի դէմ։