ՌԱՄԿԱՎԱՐՆԵՐԸ ՎԵՐԱՄԻԱՒՈՐՄԱՆ ՈՒՂԻՆԵՐ Կ՚ՈՐՈՆԵՆ՝ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԻ ՄԸ ԸՆԹԱՑՔԻՆ
Սագօ Արեան կը տեղեկացնէ Երեւանէն.-
Երեւանի «Թէքէեան» կեդրոնին մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ Ռամկավար ազատական կուսակցութեան (ՌԱԿ) Վերականգնումի մարմնի խորհրդաժողովը: Ժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին Հայաստանէն, Արցախէն, Լիբանանէն, Գանատայէն, Միացեալ Նահանգներէն, Յունաստանէն, Ֆրանսայէն, Աւստրիայէն, Անգլիայէն, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն եւ Իրաքէն ՌԱԿ-ի ներկայացուցիչներ:
Ժողովին բացման խօսքով հանդէս եկան ՌԱԿ-ի պատասխանատուներ Երուանդ Ազատեան, Վարդան Նազիրեան, Յակոբ Վարդիվառեան, Արտաւազդ Մելքիսէթեան եւ այլք: Ժողովի բացման ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Հայաստանի Սփիւռքի փոխ-նախարար Վահագն Մելիքեան: Մեր ունեցած տեղեկութիւններով, յառաջիկայ օրերուն իր օրակարգերը աւարտելէ ետք, ժողովը պիտի ընտրէ մարմին մը, որ նպատակ պիտի ունենայ յառաջիկայ հանգրուանին կազմակերպել ՌԱԿ-ի Պատգամաւորական ժողով:
Նշենք, որ ՌԱԿ-ի պատասխանատու ղեկավարներէն Երուանդ Ազատեան ժողովին մասին հակիրճ տեղեկութիւններ տուած է ԺԱՄԱՆԱԿ-ին եւ ըսած. «Ժամանակն է, որ կուսակցութիւնը վերադառնայ իր նախկին պատմական դերին»: Ազատեան նաեւ դիտարկած է, թէ տարբեր երկիրներէ Երեւան ժամանած ՌԱԿ-ի ներկայացուցիչներ ունին հիմնական մէկ նպատակ, որն է համախմբուիլ յանուն կուսակցութեան միասնութեան: Ան այս առումով ըսած է. «Մենք այստեղ հաւաքուած ենք ՌԱԿ-ի Վերականգնումի եւ միութեան դրօշին ներքեւ, որովհետեւ վերջին շրջանին, կուսակցութիւնը ներքին դժուարութիւններ ունեցած է եւ մենք եկած ենք այստեղ, հայրենի հողին վրայ այդ տարակարծութիւնները վերացնելու» ու դիտել տուած է՝ «1921 թուականին ստեղծուած ՌԱԿ-ը այսօր նոյնպէս կը գտնուի կարեւոր փուլի մը մէջ»: Երուանդ Ազատեանի խօսքով՝ այսօր առկայ այս հանգամանքները կը ստիպեն, որ ՌԱԿ վերադառնայ իր փառահեղ անցեալին եւ ինչպէս երէկ, նոյնպէս այսօր, դառնայ առաջնորդող հայ քաղաքական ուժ: Ըստ մեր խօսակիցին՝ այս բոլոր գործընթացներուն յաջողութեան համար կարեւորագոյն գրաւականը «ներքին տան խնդիրներուն կարգաւորումն է», եւ այդ պատճառով է, որ իրենք այսօր կը գտնուին Հայաստանի մէջ, որպէսզի կարելի ըլլայ սփիւռքի բոլորանուէր ներուժը համախմբել եւ անհրաժեշտ օժանդակութիւններ տրամադրել դժուարին հանգրուանի մէջ գտնուող Արցախին եւ արցախահայութեան: Ազատեան նշեց, որ սփիւռքի հայ քաղաքական կուսակցութիւնները երբեք ինքնանպատակ չեն եւ անոնք պէտք է դառնան ներզօրը եւ լրացուցիչը՝ Հայաստանի իշխանութիւններուն արտաքին քաղաքականութեան եւ համահայկական օրակարգերու արծարծման եւ աշխատանքներու ընդհանուր համակարգումին: Ան հաստատեց, որ սփիւռքը քաղաքական ինքնուրոյն օրակարգ չի կրնար ունենալ եւ անոր քաղաքականութիւնը պայմանաւորուած է Հայաստանով եւ Արցախի ճակատագրով:
Բաց աստի, ՌԱԿ-ի Վերականգնում շարժումի համաժողովը իր աշխատանքները աւարտեց։