ՌԻԱՏԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Նա­խա­գահ Պա­րաք Օ­պա­մա ե­րէկ շփում­ներ ու­նե­ցաւ Ռիա­տի մէջ, ուր հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ Սէու­տա­կան Ա­րա­բիոյ Սել­ման թա­գա­ւո­րին կող­մէ։ Օ­պա­մա Ռիա­տի մէջ մաս­նակ­ցե­ցաւ ԱՄՆ-ի եւ Ա­րա­բա­կան ծո­ցի եր­կիր­նե­րու հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան խոր­հուր­դի գա­գա­թա­ժո­ղո­վին։ Մի­ջազ­գա­յին աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Նա­խա­գահ Օ­պա­մա եւ Սել­ման թա­գա­ւո­րը Ռիա­տի մէջ ու­նե­ցան դռնփակ հան­դի­պում մը, ո­րու ըն­թաց­քին շօ­շա­փուե­ցան ԱՄՆ-ի եւ Սէու­տա­կան Ա­րա­բիոյ երկ­կող­մա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը, Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի վեր­ջին տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ մի­ջազ­գա­յին ջան­քե­րը եւ ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ պայ­քա­րը։

Մինչ այդ, Ռիա­տի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ նաեւ Ա­րա­բա­կան ծո­ցի եր­կիր­նե­րու հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան խոր­հուր­դի եւ Մա­րո­քի գա­գա­թա­ժո­ղո­վը։ Այս առ­թիւ Սել­ման թա­գա­ւո­րը նշեց, թէ Ա­րա­բա­կան ծո­ցի եր­կիր­նե­րը ա­ռանձ­նա­յա­տուկ յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ ու­նին Մա­րո­քի հետ։ Ա­րեւմ­տեան Սա­հա­րա­յի հար­ցին գլխա­ւո­րու­թեամբ, Ծո­ցի եր­կիր­նե­րը Մա­րո­քի հետ զօ­րակ­ցու­թեան մէջ են անվ­տան­գու­թեան ու քա­ղա­քա­կան խնդիր­նե­րու պա­րա­գա­յին ու կ՚ա­ջակ­ցին այդ երկ­րին։ Սել­ման թա­գա­ւո­րը ընդգ­ծեց նաեւ, թէ Ե­մէ­նի վե­րա­բե­րեալ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն շուրջ ու­նին դրա­կան սպա­սում­ներ։  

Հինգշաբթի, Ապրիլ 21, 2016