«ԵՄԻԱ ՉՈՒՆԻ ՆԱԽԸՆԹԱՑ»

Եւ­րո­խոր­հուր­դի ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Թոր­պիոն Եակ­լանտ ե­րէկ կա­րե­ւոր յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով հան­դէս ե­կաւ Թուր­քիոյ վեր­ջին ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն շուրջ։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, 16 Ապ­րի­լի հան­րա­քուէի ար­դիւնք­նե­րը կը վի­ճար­կուին երկ­րի ընդ­դի­մա­դիր ու­ժե­րուն կող­մէ։ Մաս­նա­ւո­րա­պէս գլխա­ւոր ընդ­դի­մա­դիր ՃՀՓ կը պատ­րաս­տուի հար­ցը օ­րա­կար­գի վրայ բե­րել Սահ­մա­նադ­րա­կան ա­տեա­նին մօտ։ Նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ Բարձ­րա­գոյն ընտ­րա­կան խոր­հուր­դը մեր­ժած է ՃՀՓ­-ի՝ հան­րա­քուէն չե­ղար­կե­լու վե­րա­բե­րեալ պա­հան­ջը, հի­մա ընդ­դի­մու­թիւ­նը կ՚ո­րո­նէ այլ եզ­րեր։ Այս ամ­բող­ջին մէջ ՃՀՓ կը նա­խա­տե­սէ խնդի­րը տա­նիլ մին­չեւ Եւ­րո­պա­յի մար­դու ի­րա­ւանց ա­տեան (Ե­ՄԻԱ)։

Պրիւք­սե­լի աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, ե­րէկ, Թոր­պիոն Եակ­լանտ այս ա­ռու­մով հան­դէս ե­կաւ ու­շագ­րաւ յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով։ «Ո­րե­ւէ մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն հնա­րա­ւո­րու­թիւն չու­նի չե­ղար­կե­լու ո­րե­ւէ երկ­րի մը մէջ տե­ղի ու­նե­ցած հան­րա­քուէն», ը­սաւ ան։ Ըստ ի­րեն, ե­թէ նոյ­նիսկ Բարձ­րա­գոյն ընտ­րա­կան խոր­հուր­դի ո­րո­շու­մը վի­ճար­կուի Ե­ՄԻԱ-ի մօտ, ա­պա այդ դի­մու­մի ըն­դու­նուի­լը կամ չըն­դու­նուի­լը, ար­ժե­ւոր­ման ե­ղա­նակ­նե­րը բա­ւա­կա­նին բարդ խնդիր­նե­րու ծնունդ կրնան տալ։ Այս­տեղ կա­րե­ւո­րա­գոյն պատ­ճա­ռը այն է, որ հան­րա­քուէ­նե­րու պա­րա­գա­յին Ե­ՄԻԱ չու­նի ո­րե­ւէ նա­խըն­թաց։

Եակ­լանտ խօ­սե­ցաւ նաեւ Թուր­քիոյ մէջ մա­հա­պա­տի­ժի վե­րա­կանգն­ման հա­ւա­նա­կա­նու­թեան շուրջ։ Ըստ ի­րեն, Եւ­րո­խոր­հուր­դի ան­դամ ո­րե­ւէ եր­կիր ան­կա­րե­լի է, որ գոր­ծադ­րէ մա­հա­պա­տիժ։ «Ե­թէ փա­փա­քիք վե­րա­հաս­տա­տել մա­հա­պա­տի­ժը, ա­պա չէք կրնար ան­դա­մակ­ցիլ Եւ­րո­խոր­հուր­դին։ Սա Եւ­րո­պա­յի Մար­դու ի­րա­ւանց հա­մա­ձայ­նու­թեան հիմ­նա­կան տար­րե­րէն մին է», ը­սաւ Եակ­լանտ եւ ա­ւել­ցուց, թէ մա­հա­պա­տի­ժի վե­րա­կանգն­ման վե­րա­բե­րեալ խօ­սակ­ցու­թիւն­նե­րը ի­րա­ւա­կա­նէ ա­ւե­լի քա­ղա­քա­կան նշա­նա­կու­թիւն ու­նին։ 

Ուրբաթ, Ապրիլ 21, 2017