ԻՇԻՊ-Ի ՆՈՐ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԸ

Ֆրան­սան ու ամ­բողջ աշ­խար­հը ե­րէկ ե­րե­կո­յեան ցնցուե­ցան Փա­րի­զէն հա­սած հեր­թա­կան ա­հա­բեկ­չու­թեան վե­րա­բե­րեալ լու­րե­րով։ Այս­պէս, Ի­ՇԻՊ («Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւո­րում) նոր բռնա­րարք մը ի­րա­կա­նա­ցուց Փա­րի­զի սրտին վրայ։ Ի­ՇԻՊ-ի ան­դամ եր­կու ա­հա­բե­կիչ­ներ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան Շան զ՚Է­լի­զէի աշ­խար­հահռ­չակ պո­ղո­տա­յին վրայ հե­ռա­հար հրա­ցան­նե­րով ի­րա­կա­նա­ցու­ցին այս յար­ձա­կու­մը։ Ոս­տի­կան մը զոհ գնաց դէպ­քին, ո­րու հե­տե­ւան­քով եր­կու հո­գի ալ վի­րա­ւո­րուե­ցաւ։ Ի­ՇԻՊ-ի ան­դամ ա­հա­բե­կիչ­նե­րէն մին մա­հա­ցաւ, իսկ միւ­սը յա­ջո­ղե­ցաւ խոյս տալ։

Հան­րա­պե­տու­թեան Նա­խա­գահ Ֆրան­սուա Օ­լանտ այս յար­ձա­կու­մէն ան­մի­ջա­պէս վերջ ար­տա­հերթ ժո­ղո­վի հրա­ւի­րեց Ֆրան­սա­յի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը։ Ըստ ֆրան­սա­կան ի­րա­ւա­պահ մար­մին­նե­րուն կո­մէ հա­ղոր­դուած ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րուն, դէպ­քը պա­տա­հե­ցաւ այն պա­հուն, երբ ա­հա­բե­կիչ­նե­րուն ինք­նա­շար­ժը կանգ ա­ռած էր կար­միր լոյ­սին։ Ֆրան­սա­յի ոս­տի­կա­նու­թիւ­նը գոր­ծո­ղու­թեան մը ձեռ­նար­կած է՝ խոյս տուած ա­հա­բե­կի­չը գտնե­լու նպա­տա­կով։ Ան Պել­ժիա­յէն գնաց­քով Ֆրան­սա ան­ցած է ու կը գտնուի ո­րո­նուող­նե­րու ցու­ցա­կին վրայ։ Ֆրան­սա­յի Ներ­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան բան­բեր Փիէռ-Ան­րի Պրան­տէ յայտ­նեց, որ այս յար­ձակ­ման շար­ժա­ռիթ­նե­րուն շուրջ խօ­սե­լու հա­մար տա­կա­ւին վաղ է, սա­կայն ոս­տի­կա­նը թի­րախ ընտ­րուած է դի­տում­նա­ւոր ձե­ւով։

Փա­րի­զի ա­հա­բեկ­չա­կան այս յար­ձա­կու­մը կը նա­խոր­դէ Ֆրան­սա­յի նա­խա­գա­հա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րուն, ո­րոնց ա­ռա­ջին փու­լը նա­խա­տե­սուած է այս շա­բա­թա­վեր­ջին։ Դէպքն ալ պա­տա­հե­ցաւ ճիշդ այն պա­հուն, երբ նա­խա­գա­հա­կան թեկ­նա­ծու­նե­րը կը մաս­նակ­ցէին ու­ղիղ ե­թե­րի մը։

Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Նա­խա­գահ Տա­նըլտ Թրամփ Փա­րի­զի ա­հա­բեկ­չա­կան յար­ձա­կու­մէն ան­մի­ջա­պէս վերջ վշտակ­ցու­թիւն յայտ­նեց Ֆրան­սա­յի ժո­ղո­վուր­դին։ Ան սար­սա­փե­լի ո­րա­կեց պա­տա­հա­րը եւ կոչ ուղ­ղեց՝ ա­մուր ու վե­րա­պահ ըլ­լա­լու ուղ­ղու­թեամբ։

Ուրբաթ, Ապրիլ 21, 2017