ԿԱՐԵՒՈՐ ԺԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան կը պատրաստուի այցելել Ուաշինկթըն։ 16-17 Մայիս թուականներուն նախատեսուած է այս ուղեւորութիւնը, որու ընթացքին Սպիտակ տան մէջ ան պիտի հիւրընկալուի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Տանըլտ Թրամփի կողմէ։ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու նախընթաց օր հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ իր ամերիկացի պաշտօնակցին՝ Ռեքս Թիլըրսընի հետ։ Երկու նախարարներու զրոյցէն վերջ արդէն պաշտօնապէս հրապարակուեցաւ նախագահներու տեսակցութեան ժամկէտը։ Մեւլիւտ Չավուշօղլու ուշադրութիւն հրաւիրեց այն հանգամանքին վրայ, թէ Էրտողան-Թրամփ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Մայիսի 25-ին նախատես-ւած ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովին ընդառաջ։
Տեղական մամուլի հաղորդումներով, Անգարայի աղբիւրները Էրտողանի յառաջիկայ Ուաշինկթըն այցելութեան այժմէն կը վերագրեն պատմական բնոյթ։ Երկու երկիրները ներկայիս կը ջանան նոր թափ մը տալ իրենց համագործակցութեան։ Սուրիոյ տագնապին վերաբերեալ երկու երկիրները վերջին շրջանին կը փորձեն նոր հարթութեան մը վրայ դնել իրենց համագործակցութիւնը։ Անգարա-Ուաշինկթըն առանցքին վրայ համատեղ աշխատանք կը տարուի Ռաքքայի գործողութեան, տնտեսական յարաբերութիւններուն, ՓՔՔ-ի եւ ՓԵՏ-ի վերաբերեալ Թուրքիոյ զգայնութիւններուն, ինչպէս նաեւ ՖԵԹԷՕ-ի պարագլուխ Ֆեթհուլլահ Կիւլէնի արտայանձնման խնդիրներուն շուրջ։ Ծանօթ է, որ 16 Ապրիլի հանրաքուէէն անմիջապէս վերջ Էրտողան եւ Տանըլտ Թրամփ ունեցած էին հեռախօսազրոյց մը։ Ամերիկացի ղեկավարը այդ զրոյցին ընթացքին փափաք յայտնած էր Էրտողանի հետ տեսակցելու ուղղութեամբ եւ ընդգծած՝ թրքական կողմին հետ աշխատելու իր պատրաստակամութիւնը։ Իր կարգին, երէկ լրագրողներու հետ տեսակցութեան ընթացքին, Էրտողան եւս անդրադարձաւ Թուրքիա-ԱՄՆ յարաբերութիւններուն։ Ան եւս խօսեցաւ Թրամփի հետ ունեցած հեռախօսազրոյցին մասին։ Արդեօք Տանըլտ Թրամփ խոստում մը տուա՞ծ է ՓՔՔ-ի, ԵՓԿ-ի եւ ՓԵՏ-ի վերաբերեալ Ուաշինկթընի քաղաքականութեան փոփոխութեան շուրջ։ Ի պատասխան, Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան նախ դիտել տուաւ, որ ԱՄՆ-ի նախկին նախագահ Պարաք Օպամա այս նիւթին շուրջ խաբած է թրքական կողմը։ «Օպամայի շրջանին ալ համաձայնութիւն մը կար, սակայն դժբախտաբար ան ՓԵՏ-ի եւ ԵՓԿ-ի նիւթին շուրջ մեզ խաբեց։ Հաւանական չեմ նկատեր, որ ներկայ վարչախումբը նոյն վիճակին մէջ գտնուի», ըսաւ ան։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի այս յայտարարութիւններուն լոյսին տակ է, որ Անգարայի դիւանագիտական աղբիւրները կը բիւրեղացնեն դէպի Ուաշինկթըն ուղեւորութեան պատմական նշանակութիւնը։ Արդարեւ, թրքական կողմը կ՚ակնկալէ Պարաք Օպամայի պաշտօնավարութեան շըր-ջանի վնասները յաղթահարել եւ թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւնները նոր հարթութեան մը վրայ դնել։