Երկուշաբթի 23, Դեկտեմբեր 2024
ՀԱՇՄԱՆԴԱՄ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐՈՒ ԱՋԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
«Թուֆէնքեան» բարեգործական հիմնադրամի միջոցներով վերանորոգուած է Հադրութի շրջանի Ակնաղբիւր համայնքի առանձնատուն մը եւս: Հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամ Անդրանիկ Գասպարեան յայտնած է, որ ապրիլեան պատերազմէն ետք հիմնադրամը ձեռնարկած է նոր ծրագրի մը եւս, որով նախատեսուած է վերանորոգել հաշմանդամներու տուները: Ելոյթ ունեցած են նաեւ Անահիտ Սահակեան, Վարուժան Սահակեան, որ զինուորական ծառայութեան ժամանակ ծանր վիրաւորուած է, եւ Հադրութի Շրջանային վարչակազմի ղեկավար Վալերի Գէորգեան։
Սահակեանները գոհունակութիւն յայտնած են հիմնադրամին՝ իրենց ընտանիքին աջակցելուն համար։
Ուրբաթ, Ապրիլ 21, 2017