ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏԻ ՄԷՋ ՄԱՐԶԱԴԱՇՏ

«Հա­յաս­տան» հա­մա­հայ­կա­կան հիմ­նադ­րա­մը, իր Ֆրան­սա­յի տե­ղա­կան մար­մի­նին հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ, Ստե­փա­նա­կեր­տի մէջ սկսած է հենտ­պո­լի (ձեռ­քի գնդակ) մար­զահ­րա­պա­րա­կի կա­ռուց­ման:

Ծրա­գի­րը կ՚ի­րա­կա­նա­ցուի ֆրան­սա­ցի գոր­ծա­րար­նե­րու նիւ­թա­կան ա­ջակ­ցու­թեամբ: Ստե­փա­նա­կեր­տի կեդ­րո­նը կա­ռու­ցուող մար­զահ­րա­պա­րա­կը պի­տի ու­նե­նայ ար­հես­տա­կան խո­տա­ծած­կով 800 քառակուսի մեթր դաշտ, 102 նստա­տեղի հան­դի­սա­տե­սի հա­մար, հան­դեր­ձա­րան­ներ: Մար­զահ­րա­պա­րա­կին լու­սա­ւո­րումն ու կա­հա­ւո­րու­մը պի­տի ի­րա­կա­նա­ցուին ար­դի պա­հանջ­նե­րուն հա­մա­պա­տաս­խան: Մար­զահ­րա­պա­րա­կը, ուր կրնան ի­րա­կա­նա­ցուիլ նաեւ ֆութ­պո­լի փոր­ձեր, պի­տի սպա­սար­կէ շրջա­կայ դպրոց­նե­րու ա­ւե­լի քան երեք հազար ա­շա­կեր­տի:

«Ան­համ­բերութեամբ կը սպա­սենք, թէ ե՛րբ պատ­րաստ պի­տի ըլ­լայ մար­զա­կա­ռոյ­ցը: Ֆրան­սա­յի հենտ­պո­լի հա­ւա­քա­կա­նը եր­կար տա­րի­ներ ե­ղած է աշ­խար­հի ա­ռա­ջա­տա­րը եւ, ո՛վ գի­տէ, հա­ւա­նա­բար, ար­ցախ­ցի պա­տա­նի հենտ­պո­լիստ­նե­րը նոյն­պէս դառ­նան վա­ղո­ւան ա­խո­յեան­ներ», ը­սած է հիմ­նադ­րա­մի Ֆրան­սա­յի տե­ղա­կան մար­մի­նի ա­տե­նա­պետ Պետ­րոս Թեր­զեան:

Միւս կողմէ, 2014 թուականին ալ ֆրան­սա­ցի գոր­ծա­րար­նե­րու մի­ջոց­նե­րով հիմ­նադ­րա­մը ֆութ­պո­լի փոքր դաշտ կա­ռու­ցած էր Մար­տու­նիի շրջա­նի Ճար­տար քա­ղա­քին մէջ, ուր իր փոր­ձե­րը կ՚ի­րա­կա­նաց­նէ Ար­ցա­խի ֆութ­պո­լի ա­մե­նա­զօ­րա­ւոր խում­բե­րէն մէ­կը՝ Ճար­տա­րի հա­ւա­քա­կա­նը: Ճար­տա­րի ման­կա­պար­տէ­զը եւս ֆրան­սա­ցի բա­րե­րար­նե­րու նուէրն է հա­մայն­քին:

Ուրբաթ, Ապրիլ 21, 2017