ՔԱՆԻ ՄԸ ՀԱՐՑՈՒՄ ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻՆ

Առաջին անգամ Նիկոլ Փաշինեանի անուան հանդիպեցայ 2008 թուականին: Մարտի դէպքերն էին ու Պէյրութն ալ դարձած էր այդ «թէժ դէպքեր»ու քննարկման վայրերէն մին: Գրող Արփի Ոսկանեանը նամակ մը առաքած էր ինծի ու ես այդ նամակը հրապարակայնացնելով կարդացած էի այդ օրերուն բաւական «աշխոյժ» լիբանանահայ մտաւորականներու համախմբման յարկին տակ: Նամակը թեր ու դէմ կարծիքներու ալիք մը ծաւալած էր եւ ներկաներէն շատեր չիմանալով Երեւանի մէջ տիրող ընդհանուր իրավիճակը՝ մնացած էին «ափ ի բերան»: Այդ օրերուն էր նաեւ, որ ընդգծելիօրէն ի յայտ կու գար «մտաւորականներ»ու խաւ մը, որոնց համար դէպքերն ու «տաք» զարգացումները կը դառնային «ուղենիշ»՝ քաղաքական կեցուածք որդեգրելու կամ ալ «քաղաքացիական կեցուածք» որդեգրելու համար: Այդ պարագաներուն ու այսօր ալ, երբ Երեւանի մէջ բողոքի ցոյցեր տեղի կ՚ունենան, այդ մարդիկը կը դառնային «յեղափոխականներ» եւ ընթացք կ՚առնէր «հերոսական» ելոյթներու շարան մը, որու աւարտին ալ այդ մարդիկ կը սկսէին «խրատներ» կարդալ միանգամայն թէ՛ Հայաստանի ղեկավարութեան, թէ՛ ալ ընդդիմութեան: Վերադառնալով նիւթին պէտք է ըսել, որ այդ օրերուն էր նաեւ, որ Նիկոլ Փաշինեանը կը դառնար «ընդյատակեայ պայքար»ի կարկառուն դէմքերէն մին:

Մարտի մէկեան դէպքերը ծանր բեկում կը յառաջացնէին հայրենի հասարակութեան համար: Ժողովուրդը կը կիսուէր երկուքի, բայց նոյնիսկ Հայաստանի իշխանութիւններուն կողքին եղող եւ այդ «ափարատ»էն «ապրող» խումբերուն համար ալ եղածները կը համարուէին անընդունելի, իսկ կորուստները ցաւ եւ վիշտ պատճառող դէպքեր:

Այդ փուլէն ետք Նիկոլ Փաշինեան շրջանի մը համար կը բանտարկուէր ու ապա դուրս գալով բանտէն կը մտնէր «քաղաքական հրապարակ»:

Մեծ բախում կ՚ունենար իրեն համար «լիտէր» համարուող Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանին հետ, որուն հետեւանքով ալ կը լքէր «Հայ ազգային գոնկրէս»ը (ՀԱԿ): Աւելի ուշ կը նախաձեռնէր «Քաղաքացիական պայմանագիր» անունը կրող նախաձեռնութեան եւ այդ միութեան ճամբով Փաշինեան իրեն համար կ՚ապահովէր քաղաքական նոր հարթակ մը, որուն շնորհիւ ալ այս դէպքերէն շուրջ մէկ տարի առաջ իր միւս դաշնակիցներուն հետ կը կազմէր «Ելք» դաշինքը ու կը հասնէր Ազգային ժողով:

Եթէ իրաւացի ըլլանք, ապա անպայման լոյսին պէտք է բերենք այն ապացոյցը, ըստ որուն Փաշինեան եւ իր «ընկերներ»ը (խօսքը՝ «Ելք» դաշինքի անդամներուն մասին է: Յիշեցնեմ, որ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած «Ելք»ին անդամակցեցան Էտմոն Մարուքեանի գլխաւորած՝ «Լուսաւոր Հայաստան»ը եւ Արամ Զ. Սարգսեանի գլխաւորած «Հանրապետութիւն» կուսակցութիւնը) շնորհիւ իրենց ցուցաբերած աշխուժութեան՝ շատ կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ կարողացան դառնալ Ազգային ժողովի ընդդիմադիր ամենէն տինամիք թեւը:

Նոյն «Ելք»ը սկսաւ տատանումներ ապրիլ, երբ մօտեցաւ Հայաստանի նոր նախագահի ընտրութեան ու ապա նոր սահմանադրութեամբ հաստատուած Ազգային ժողովի կողմէ նոր վարչապետի ընտրութեան թուականը:

Մինչեւ որոշումի մը յանգիլը՝ Նիկոլ Փաշինեան «փակ» հանդիպումներ կայացուց իր դաշնակիցներուն հետ, որոնք ամէն պարագայի շատ ալ խանդավառ չէին իր սեղանին դրած առաջարկներով:

Ու այս «չյայտարարուած» քաղաքական ապահարզանի ֆոնին վրայ Փաշինեան ընթացք կու տար իր «Արա քո քայլ»ը նախաձեռնութեան, որուն համար կ՚ընտրէր «Մերժիր Սերժին» բնաբանը: Փաշինեան եւ իր «գաղափարակիցներ»ը շրջելէ ետք Հայաստանի տարբեր շրջաններով, քայլելով կը հասնէին մայրաքաղաք Երեւան: Սկիզբ կ՚առնէր խաղաղ ցոյցերու ու նաեւ հանրահաւաքներու շրջան մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերէին Երեւանի ուսանողներուն կարեւոր մէկ տոկոսը ու նաեւ մարդիկ, որոնք չկիսելով հանդերձ Փաշինեանի ընդհանուր կեցուածքները փողոց կ՚իջնէին, նպատակ ունենալով տապալել Սերժ Սարգսեանի երկրի վարչապետութիւնը ստանձնելու քայլը:

Այս զարգացումներուն ֆոնին երկրի Ազգային ժողովը 77 կողմ եւ 17 դէմ ձայներով վարչապետ կ՚ընտրէր Հայաստանի Հանրապետութեան երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանը, որուն վարչապետութիւնը նախագահական հրամանագրով մը կ՚ամրագրուէր ու ապա Սարգսեան կը ձեռնարկէր նոր կառավարութեան կազմութեան, որուն անդամ բոլոր նախարարները կը վերանշանակուէին, իսկ նախկին վարչապետ Կարէն Կարապետեան կը դառնար երկրի առաջին փոխ-վարչապետ:

ԽԱՌՆԱԿՉՈՒԹԻՒՆ ԸՆՈՂՆԵՐՈՒ «ՄԵԾ ՄԱՍՍԱ»Ն

Հայաստանի քաղաքական կեանքին, անոր ներքին զարգացումներուն մասին միշտ չէ, որ անդրադարձ կատարած եմ: Իրադրաձութիւնները երբ «թէժանան» ու յատկապէս երբ լեզու առնէ «փողոցի տինամիքա»ն, որպէս Երեւանի մէջ ապրող մարդ կը փորձեմ գնահատականներ տալ այն ընթացքներուն, որոնց ճամբով է նաեւ, որ քաղաքական օրակարգը կը ծանրանայ եւ հայաշխարհի ուշադրութիւնը դարձեալ կը սեւեռուի դէպի Երեւան:

2012 թուականէն ի վեր Երեւան կը բնակիմ ու չէ եղած փուլ մը, որուն ընթացքին որպէս ընդդիմադիր ներկայացող կողմեր, որոնք յաճախ ոչ ալ քաղաքական միաւոր կամ ուժ ըլլալու ներուժը ունին, կ՚ընտրեն հեշտ ճանապարհը: Իսկ ո՞րն է այդ ճանապարհը: Ո՞րն է այն ուղին, որուն շնորհիւ Հայաստանի քաղաքացիները իրենց «ամբողջանուէր» ատելութիւնը պիտի «թափեն» Երեւանի մայթերուն վրայ:

Հասկնալի է, աշխարհի ամենէն «հանգիստ» համարուած մայրաքաղաքներուն մէջ ալ դժգոհ եւ դժգոհող քաղաքացիներ կան: Այսինքն կեանքը դժուար է, ապրուստ շահիլը բարդ խնդիր ու աւելի լաւ պայմաններու մէջ ապրիլը բոլոր մարդոց համար հասնկալի պահանջ եւ իրաւունք: Սակայն մեր մօտ՝ Հայաստանի մէջ կայ հատուած մը, որ կ՚ապրի ու կ՚աճի, «կը փայլատակէ» ու «կը պոռայ», որպէսզի իր նիւթական կարիքները «գոհացնէ»: Խօսքը Նիկոլ Փաշինեանին ու անոր հետեւորդներուն մասին չէ, այլ անոնց, որոնք առիթէ առիթ հրացանի ուղղութիւն կը փոխեն եւ իրենց ուսերուն «նետուած հրացան»ը մէկ թեւէ միւս թեւը կը տանին: Ու ասոնք, այս մարդիկ գրեթէ ամէն փուլի, ամէն ժամանակ, ամէն օրհասի ու առիթի պահուն պատրաստ են փողոց «վազել»: Սա է պատկերը նաեւ այսօր, ու մինչ ընդդիմադիր շրջանակներ կը խօսին «ընտրութենէ-ընտրութիւն» յայտնուող «իշխանական» հասարակութեան մը մասին, որոնք իրենց քուէն 10 հազար հայկական դրամով «կը ծախեն», ապա կան մարդիկ, որոնք շատ աւելի մեծ գումարներ ստանալով երկրին մէջ ամէն տիպի անկարգութիւն կը հրահրեն:

ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՆՈՐ ՓԱԿՈՒՂԻ՞

Բնաւ պիտի չուզէի կանխատեսումներ ընել, թէ Նիկոլ Փաշինեանի քայլերը դէպի ո՞ւր պիտի տանին: Նախ զինք, ապա իր ունեցած «ընդդիմադիր ներուժ»ը, բայց մանաւանդ այն երիտասարդները, որոնք ամբողջանուէր եւ կամաւոր քայլերով «իրենց քայլ»ը կ՚ընեն եւ իրենց դժգոհութիւնը կը հանրայնացնեն:

Հայաստանի մէջ այսօր գոյութիւն ունի տեսակէտ, որուն համաձայն այսօր Երեւանի տասնեակ փողոցները «լեցուցած» այդ տղաքն ու աղջիկները մեր երկրի «լուսաւոր ապագան» ըլլալու ամբողջական եւ իրական ներուժը ունին:

Դժգոհ են, պարզ է, կ՚ուզեն արտայայտել իրենց բողոքը, նորէն պարզ է, կ՚ուզեն ըսել, որ արժանի են աւելի լաւ պայմաններու, նորէն պարզ է… Բայց այս «ուզել»ներու ցուցակը պէտք է ուղղորդել եւ տանիլ ճիշդ ճանապարհով:

Որո՞ւ համար կը քալեն անոնք, ի՞նչ ուղի բռնած են, եւ դէպի ո՞ւր կ՚ուզեն տանիլ Հայաստանը:

Մտածած ե՞ն: Ո՛չ, անոնք ժամանակ չունին մտածելու, ժամանակ չունին հարցում տալու, ժամանակ չունին վերլուծելու կամ պահ մը իրենց քայլը նետելէ առաջ հարց տալու՝ «ո՞ւր կ՚երթամ ես, եւ ի՞նչ է ուզածս»:

Անոնք ներուած են:

Ներելի են անոնց սխալները, ներելի է բողոքը, ներելի է անոնց «ատելութիւն»ը, բայց ինչ «դատաստան» տալ անոնց, որոնք այսօր Հայաստանի ամենէն «վառ» ներուժը եւ ի սպառ... փողոց կը հանեն:

Խնդիրը Սերժ Սարգսեանը չէ, ինչպէս որ ընդդիմադիրներէն ու մտաւորականներէն շատեր մատնացոյց կը փորձեն ընել, խնդիրը մենք ենք, բոլորս:

Այս հարցումները ամենէն առաջ բնականաբար կ՚ուղղուին Նիկոլ Փաշինեանին, որ այսօր նուազագոյնը իր ըմբռնումներուն դէմ ելլելով երկրի ընդունուած սահմանադրական ընթացակարգը կը համարէ հակօրինական եւ փողոց կ՚իջնէ ու այդ քայլով կը փորձէ ամբողջ երկիր մը անդամալուծել: Չմոռնամ, որ շնորհիւ այդ սահմանադրութեան, նոյն Նիկոլ Փաշինեանն ու իր ընկերները հասան Հայաստանի Ազգային ժողով եւ այսօր պահ մը անտեսելով այն հիմունքը, ըստ որուն բոլոր քաղաքական հարցերը պէտք է քննուին երկրի խորհրդարանին մէջ, անգամ մը եւս կը դիմէ ամենէն «աժան միջոց»ին:

Փողոցը ժամանակատար չէ, փողոցը ճիգ չի պահանջեր, փողոցի լեզուն ջանք չ՚ուզեր ու այս բոլորը շատ լաւ գիտէ Նիկոլ Փաշինեանը, որուն համար ալ ըստ երեւոյթին Հայաստանի սահմանադրութիւնն ու պետականութեան պահպանման հիմնախնդիրները կը մնան երկրորդական:

Այս բոլորը մէկդի, բայց ամենատխուրը այն է, որ Փաշինեան այս քայլերով եւ ամէն օր նման «քայլ արա»ներով կը սպառէ ինքզինք ու շատ հաւանական է նաեւ, որ ան իր ճանապարհը շարունակէ Ռաֆֆի Յովհաննիսեանի «տխուր» ճանապարհով, որուն օրհասական պահու մը «աղօթելու երթալ»ու արարքը՝ շատ բան կ՚ըսէ անոր ինչ տիպի քաղաքական գործիչ մը ըլլալու մասին:

Իսկ մնացեալի մասին աւելի ուշ:

«ԱՆՁՆԱԿԱՆԱՑՈՒԱԾ» ՊԱՅՔԱՐ

Մէկ շաբաթէ ի վեր ընթացք առած բողոքի հաւաքները կը շարունակուին: Իր համակիրներուն «ցանցային պայքար» խոստացած Նիկոլ Փաշինեան վճռած է ամէն գնով շարունակել իր «Արա քայլդ» նախաձեռնութիւնը: Երեւանի հասարակութեան մօտ ի ցարդ դժգոհութիւն ձայներ չեն լսուիր քաղաքին մէջ առկայ խցանումներուն եւ ստեղծուած «տհաճ» վիճակին մասին:

Փաշինեանի հետեւորդներուն համար Հայաստանը մտած է այնպիսի փուլ մը, որ նոր ընտրուած վարչապետ Սերժ Սարգսեան պէտք է հեռանայ իր պաշտօնէն: Այլապէս ալ «Քայլ արա, մերժիր Սերժին» բաւական ցինիք «բնաբան»ը, որ այդ շարժումի գլխաւոր «գաղտնաբառ»ն է, սկսած է դառնալ խռովութիւն կատարելու պատրաստ եւ երկիրը քաոսի տանիլ փորձող հաւաքներուն մասնակից հատուածի մը անոպայ խօսքը: Այս ցոյցերուն մասին մտածելու ատեն միտքս կու գայ 2005 թուականի Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած ցոյցերը, երբ քաղաքական կողմերէն իւրաքանչիւրը նպատակ ունէր ցոյց տալ իր համակիրներուն ստուարութիւնը: Երբ Լիբանանի վարչապետ Ռաֆիք Հարիրին կը սպաննուէր անոր գաղափարակիցներն ու հետեւորդները փողոց կ՚իջնէին, պահանջելով սուրիական բանակային ուժերու Լիբանանէն հեռացումը: Ցոյցը տեղի կ՚ունենար 14 Մարտ 2005 թուականին, մինչ այդ քաղաքական այդ թեւին հակադիր կողմ համարուող եւ Սուրիամէտ համարուող ուժերը ցոյց մը ըրած էին 8 Մարտին, զայն խորագրելով «Շնորհակալութիւն Սուրիա»:

Այս երկու ցոյցերը ճակատագրական եղան Լիբանանի համար, այն իմաստով, որ կողմերէն իւրաքանչիւրը փորձեց գետնի վրայ ներկայացնել իր ուժին չափը: Բնականաբար այդ «ուժի ցուցադրութիւն»ը աւելի ուշ դարձաւ քաղաքական միաւոր, որուն վրայ յենուելով՝ իւրաքանչիւր կողմ յաջողեցաւ իրեն բաժին ինկած քաղաքական «բաժնեչափ»ը ստանալ եւ անցնիլ երկիրը ղեկավարելու գործին: Այս օրինակը տուի պարզապէս փորձելով զուգահեռական մը գծել այսօր Երեւանի մէջ ընթացող ցոյցերուն հետ: Ու տխուրն այն է, որ այսօր մայրաքաղաք Երեւանի մէջ իրենց ըրածին հանդէպ հաւատք ունեցող երիտասարդներուն համար պայքարը «անձնականացուած» պայքար է:

Անոնք դէմ են Սերժ Սարգսեանին, անոնք դէմ են «Հանրապետական» կուսակցութեան, անոնք դէմ են «ռեժիմ»ին:

Բայց, որո՞ւ հետ են:

Ինչ է իրենց փնտռածը ու ամենակարեւորը՝ ի՞նչ դեղատոմս կ՚առաջարկեն այսօրուայ իրավիճակէն դուրս գալու համար:

Շատ աւելի ճիշդ պիտի ըլլար, որ այս ցոյցերը, որոնք քիչ մը «ինքնանպատակ» բնոյթ սկսած են կրել, ունենային լուրջ ծրագիր. ոչ թէ Երեւանը անդամալուծելու, այլ իրապէս լուրջ լուծումներու մասին մտածելու:

Սխալ է հասարակութիւնը պառակտելը մանաւանդ Հայաստանի նման երկրի մը համար, որ նման սուր զարգացումներէն ազդուելու եւ տուժելու մեծ «փոթանսիէլ» ունի:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Ապրիլ 21, 2018