ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ ՇԱՐՈՒՆԱԿԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ
Այսօր Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի միջեւ տեղի կ՚ունենայ տեսաքոնֆերանս մը՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու միջնորդութեամբ եւ մասնակցութեամբ։
Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ երէկ, նախարար Զօհրապ Մնացականեան տեսաքոնֆերանս մը ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն՝ Իկոր Փոփովի (Ռուսաստան), Սթեֆան Վիզքոնթիի (Ֆրանսա), Էնտրու Շեֆըրի (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Անճէյ Կասպրչիկի հետ։ Առցանց քննարկման ընթացքին շօշափուեցան Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացի վերջին իրադարձութիւնները։ Զօհրապ Մնացականեան անդրադարձաւ Արցախի մէջ տեղի ունեցած վերջին ընտրութիւններուն։ Կողմերը ընդգծեցին քորոնաժահրի համաճարակի դէմ համաշխարհային պայքարի համատեսքին մէջ՝ հրադադարի դրութեան անվերապահ պահպանման հրամայականը։
Կարծիքներ փոխանակուեցան ստեղծուած իրավիճակին մէջ կարգաւորման աշխատանքներու շարունակականութեան ապահովման քայլերու շուրջ։ Այս ամբողջին մէջ համաձայնութիւն գոյացաւ, որպէսզի այսօր առցանց հանդիպում մը տեղի ունենայ Զօհրապ Մնացականեանի եւ Էլմար Մամետեարովի միջեւ՝ եռանախագահներու միջնորդութեամբ եւ մասնակցութեամբ։
Զօհրապ Մնացականեան վերջին օրերուն Հայաստանի Ազգային ժողովի երդիքին տակ անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին։ Կառավարութիւն-խորհրդարան հարց ու պատասխանի ժամանակ ան պատասխանեց երեսփոխաններու զանազան հարցումներուն։ Անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցած վերջին ընտրութիւններուն՝ Մնացականեան ըսաւ. «Արցախի մէջ տեղի ունեցած ընտրութիւնները մարդու իրաւանց համատեսքին մէջ Արցախի ժողովուրդի՝ հանրային կեանքը կառավարելու մարդու իրաւանց իրագործումն էր։ Ընտրութիւններու միջոցաւ Արցախի ժողովուրդը լիազօրութիւն տուաւ նորընտիր իշխանութիւններուն՝ շարունակելու ապահովել Արցախի ժողովուրդի անվտանգութիւնը եւ ներկայացնել Արցախի ժողովուրդը հաշտութեան գործընթացին մէջ։ Այդ առումով ընտրութիւնները էական նշանակութիւն ունին երեք տեսանկիւնէ՝ մարդու իրաւանց, տարածքաշրջանային անվտանգութեան եւ հաշտութեան գործընթացի»։
Անդրադառնալով ընտրութիւններու վերաբերեալ միջազգային արձագանգներուն՝ Մնացականեան բացատրեց, որ Երեւանի տեսակէտէ առաջնահերթ նշանակութիւն ունին այն յայտարարութիւնները, որոնք կատարուած են հաշտութեան գործընթացին հետ առընչութիւն ունեցող մարմիններուն կողմէ։ «Առաջին հերթին նկատի ունիմ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներն ու համանախագահ երկիրները։ Այդ առումով իրենց յայտարարութեան մէջ շատ կարեւոր է այն շեշտադրումը, որով կ՚ընդգծուէր Արցախի մէջ ապրող մարդոց դերը իրենց ապագան որոշելու գործին մէջ եւ Արցախի իշխանութիւններու կողմէ հանրային կեանքը կազմակերպելու անհրաժեշտութիւնը», ըսաւ Մնացականեան։
Ինչ կը վերաբերի այլ արձագանգներուն կամ հակամարտութեան ներգրաւուած որոշ երկիրներու մօտեցումներուն, ապա Զօհրապ Մնացականեան այդ բոլորին շուրջ դիտել տուաւ, որ Հայաստան կ՚աջակցի մարդու իրաւունքներու ամէնուրեք իրականացման՝ անկախ տարածքներու կարգավիճակէն։ «Եւ, ի հարկէ, մենք տակաւին հնարաւորութիւն կ՚ունենանք զանազան առիթներով բարձրաձայնելու մեր մօտեցումները ու ոչ միայն ղարաբաղեան հիմնահարցի համատեսքին մէջ», աւելցուց նախարարը։
Խորհրդարանի ամպիոնէն Զօհրապ Մնացականեան վերստին յայտնեց, որ Հայաստան, Հայաստանի իշխանութիւնները չունին լիազօրութիւն Արցախի ժողովուրդէն՝ ներկայացնելու համար զինքը հաշտութեան գործընթացին մէջ։ Հայաստանի իշխանութիւնները եղած են ու կը մնան Արցախի ժողովուրդի անվտանգութեան երաշխաւորը ու պիտի շարունակեն իրենց շինիչ ներ-գըրաւուածութիւնը հաշտութեան գործընթացին մէջ։ «Սակայն խաղաղ գործընթացը կ՚առընչուի հարցերու, որոնք կենսական, առաջնային նշանակութիւն ունին Արցախի ժողովուրդին համար եւ Արցախի ժողովուրդը մօտեցումներն ու դիրքորոշումները կ՚արտայայտէ իր կողմէ ընտրուած իշխանութիւններուն միջոցաւ։ Բնականաբար, ինչպէս ըսի, մենք մեր մասով պիտի շարունակենք ընել մեր պարտաւորութիւնը, մեր պատասխանատուութիւնը կրել այդ գործընթացին մէջ», ընդգծեց Մնացականեան։
Ուրիշ հարցումի մը պատասխանելով Մնացականեան դիտել տուաւ, որ բնականաբար, ակնյայտ է՝ Արցախի մէջ տեղի ունեցած են ժողովրդավարական, մրցակցային ընտրութիւններ։ Արցախի ժողովուրդը ընտրած է իր հասարակական-քաղաքական կեանքը ժողովրդավարական ձեւով կառուցելու ուղին։ Սա արժեհամակարգի ընտրութիւն է։ Սա հասկնալի է։ Անկախ ամէն ինչէ՝ այս բոլորը անմիջականօրէն չեն առընչուիր կարգաւորման համատեսքի մէջ կարգավիճակի հարցին հետ։ Չափազանց էական է, որ ընտրութիւններով կ՚ամրապնդուի Արցախի իշխանութիւններու լիազօրութեան արժէքը։ Բնականաբար, սա չափազանց մեծ նշանակութիւն ունի հաշտութեան գործընթացին համար։ «Արժեհամակարգային առումով՝ ա՛յո, մենք կը հետեւինք յայտարարութիւններուն, մենք հաւատարիմ կը մնանք այդ արժէքներուն նկատմամբ եւ անոնց հանդէպ մեր հաւատարմութիւնը պիտի չփոխուի։ Մենք պիտի շարունակենք պաշտպանել այդ բանը՝ անկախ կարգավիճակէն։ Պիտի շարունակենք ընել այս բանը, պիտի պաշտպանենք արժեհամակարգը, այլ ոչ թէ մենատիրական ամբողջականութիւնը», եզրակացուց Մնացականեան։