ՀԱՄԲԵՐԱՏԱՐ ՊԱՅՔԱՐ
Քորոնաժահրի համավարակի մթնոլորտին մէջ աշխարհ կը շարունակէ մեծ մարտահրաւէր մը դիմագրաւել, մինչ Թուրքիոյ մէջ ալ համբերատար պայքար մը կը մղուի։ Երէկ, Նախարարաց խորհուրդը տեսաքոնֆերանսով գումարեց ժողով մը՝ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի գլխաւորութեամբ։ Կառավարութեան առցանց նիստէն վերջ Էրտողան հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով։ Այս առթիւ ան տեղեկացուց, որ ներկայ շաբթուան երկրորդ կէսին Իսթանպուլի եւ Թուրքիոյ բոլոր մեծ քաղաքներուն մէջ չորս օր փողոց դուրս գալը արգիլուած պիտի ըլլայ։ Ըստ իրեն, շաբաթավերջերուն փողոց դուրս գալու արգելքը միջոց մը պիտի շարունակուի՝ գիւղատնտեսութեան, առողջապահութեան, սննդամատակարարման եւ կենսական արտադրութեան ոլորտներու պարագային կաղացումները կանխելիք ձեւով։ Նախագահ Էրտողան երէկուան յայտարարութիւններուն մէջ ալ ընդգծեց առկայ սահմանափակումներուն նկատմամբ նախանձախնդրութիւն ցուցաբերելու կարեւորութիւնը։ Սա պիտի ապահովէ Թուրքիոյ մէջ համաճարակի ընթացքը այնպիսի մակարդակի մը իջեցնելու, որ աստիճանաբար բնականոնացման հորիզոն մը բացուի երկրին առջեւ։ Նախագահը որպէս ժամկէտ մատնանշեց Ռամազանի տօնին յաջորդելիք շրջանը։ Կարգ մը քայլեր նոյնիսկ տօնէն առաջ կրնան առնուիլ։ Ուստի, նախագահը օգտակար նկատեց, որ բոլոր բնագաւառները ըստ այդմ կատարեն իրենց աշխատանքները։ Էրտողան երէկ ընդգծեց, որ Թուրքիա երէկ սկսած է քաղել նախազգուշական միջոցներու պտուղները։
Իր կարգին, Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճան ալ երէկ հրապարակեց համաճարակի վերաբերեալ վերջին տուեալները։ Այսպէս, վերջին օրուան ընթացքին մահացած է եւս 123 հոգի եւ համաճարակի զոհերու ընդհանուր թիւը բարձրացած՝ 2 հազար 140-ի։ Երէկ, կատարուած է 39 հազար 703 նոր քննութիւն եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուած է 4 հազար 674 նոր վարակեալ։ Այսպէսով Թուրքիոյ մէջ վարակեալներու ընդհանուր թիւը բարձրացած է 90 հազար 980-ի։ Խտացեալ խնամքի տակ կը գտնուի 1909 հիւանդ։ Արհեստական շնչառութեան սարքաւորման ենթակայ է 1033 վարակեալ։ Վերջին վիճակագրական տուեալներով՝ երէկ Թուրքիոյ մէջ բուժուած է 1454 հոգի։ Այսպէսով առողջացածներու ընդհանուր թիւը հասած է 13 հազար 430-ի։
Զանգուածային լրատուութեան միջոցները, մասնագէտներու ցուցմունքներու հիման վրայ արձագանգ կը հանդիսանան, որ երկրէն ներս կատարուած քննութիւններու ընդհանուր թիւի ամբողջին մէջ ստուգուած վարակեալներու համեմատութիւնը որոշ չափով կը նուազի։ Զանազան հասարակական կազմակերպութիւններու կողմէ ալ կը տրամադրուին տեղեկութիւններ՝ միշտ մասնագիտական գնահատականներու կամ կանխատեսումներու լոյսին տակ։ Այսպէս, Թուրքիոյ մէջ համաճարակը գագաթնակէտին կրնայ հասնիլ մայիսի 3-ին եւ յունիսի սկիզբին արդէն կեանքի աստիճանական բնականոնացումը կրնայ սկսիլ։