«ՀՐԱԺԱՐԻԼ ՅՈՒԶԱԿԱՆ ՄՕՏԵՑՈՒՄՆԵՐԷ…»

Հայկական Ֆէյսպուքի մէջ երէկ կիրքեր բորբոքուած էին 20-րդ դարու նշանաւոր քաղաքական գործիչ Մահաթմա Կանտիի արձանի Երեւանի մէջ տեղադրման կապակցութեամբ։ Արդէն առիթ ունեցած եմ գրելու, որ եթէ որեւէ արձանի տեղադրումը վէճեր կը յառաջացնէ, ապա աւելի լաւ է ձեռնպահ մնալ այդ քայլէն կիրքերը չբորբոքելու համար՝ մանաւանդ մեր այս անհանգիստ ժամանակաշրջանին։

Պարզ է, որ Կանտի ամենեւին սուրբ չէր, հրեշտակ չէր, բաւական փրակմաթիք քաղաքական գործիչ մըն էր եւ իր քայլերը պայմանաւորուած էին Բրիտանական կայսրութեան դէմ պայքարով, յանուն իր երկրի անկախութեան։ Իսկ այդ շահերը որոշ ժամանակահատուածի մէջ կը համընկնէին Օսմանեան կայսրութեան, իսկ այնուհետեւ՝ քեմալական Թուրքիոյ շահերու հետ եւ հետեւաբար՝ կը հակասէին մեր՝ հայերուս շահերուն։

Երէկ քանի մը տեղ գրուեցաւ, իբրեւ թէ Կանտի ողջունած է Հայոց ցեղասպանութիւնը, սակայն, կը կարծեմ, սա քարոզչական չափազանցութիւն է։ Ես չյաջողեցայ յայտնաբերել նման որեւէ թեքստ։ Իր փիլիսոփայութիւնը անձամբ սրտամօտիկ է ինծի, բայց սա ամենեւին փաստարկ մը չէ արձան զետեղելու օգտին՝ չ՚արժեր այս լարուած պահուն հասարակութիւնը զբաղեցնել նման երկրորդական խնդրով։

Բայց նոյնինքն քննարկումը կը բացայայտէ մեր քաղաքական մշակոյթի որոշ առանձնայատկութիւնները՝ մասնաւորապէս այն, որ մենք աշխարհի նախկին ու ներկայ առաջնորդներէն կը պահանջենք, որպէսզի անոնք առաջնորդուին մեր՝ հայերուս շահերով՝ միայն այն պատճառով, որ արդարութիւնն ու ճշմարտութիւնը մեր կողմն են։ Եւ երբ Կանտին, Չըրչիլը, Թրամփը, Լենինը, Ստալինը կամ Փութինը կը գործեն իրե՛նց երկիրներու շահերէն ելնելով, մենք տեսակ մը կը նեղուինք եւ կը սկսինք բողոքել աշխարհէն ու մեր դառն ճակատագրէն։ (Ենթադրենք, Եւրոխորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովէն ներս Ռուսաստանի պատուիրակութեան ներկայացուցիչներու մէկ մասը դէմ էր, որ մեր գերիներու հարցը մտնէ լիագումար նիստի օրակարգ։ Նեղանալու փոխարէն, թերեւս, արժէ փորձել հասկնալ զանոնք, ինչպէս նաեւ մնացեալ բոլոր պատուիրակութիւններու մղումը)։

Մեր այս «զարկուած» վիճակին մէջ թերեւս ճիշդ ժամանակն է հրաժարիլ յուզական մօտեցումներէ, ուսումնասիրել մեր վիճակին մէջ յայտնուած ազգերու, պետութիւններու (օրինակ, Ա. եւ Բ. աշխարհամարտերուն պարտուածներու) փորձառութիւնը՝ «ռէէլ քաղաքականութենէն» ելնելով ի՞նչ քայլերու ձեռնարկած են, ո՞ր ոլորտները զարգացուցած են, ի՞նչ բարեկամներ կը փորձէին ձեռք բերել։ Թէ չէ մեր հասարակութեան կեցուածքն է՝ աշխարհէն նեղանալը, իսկ մեր իշխանութիւններու կեցուածքը (ի հեճուկս յոխորտալից հռետորաբանութեան)՝ «դէ, սա է, ուրիշ ճար չկայ»։

ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Խմբագրական՝ Երեւանի «Առաւօտ» օրաթերթի

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 21, 2021