«ՍԻՒՆԻՔԸ ԱՆՎՏԱ՞ՆԳ Է»

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ Մարդու իրաւանց պաշտպան Արման Թաթոյեան երէկ շարունակեցին իրենց շփումները Սիւնիքի մարզէն՝ մասնաւորապէս սահմանակից գիւղերէն ներս։ Գորիսի, Մեղրիի, Շուռնուխի եւ այլ խնդրայարոյց կէտերու վրայ Արմէն Սարգսեան եւ Արման Թաթոյեան խորհրդակցութիւններ ունեցան տեղական պատասխանատուներու հետ, նաեւ լսեցին բնակիչները։ «Եկած եմ իմ աչքով տեսնելու այն, ինչի մասին կը լսեմ», ըսաւ Արմէն Սարգսեան այցելութեան ընթացքին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, յետպատերազմեան իրավիճակի պայմաններով բարդ վիճակի դէմ յանդիման մնացած բնակիչները՝ մանաւանդ Շուռնուխի մէջ ընդգծեցին, որ ընկերային հարցերուն վրայ եկած է աւելնալ անվտանգութեան խնդիրը։ Իր կարգին, Արման Թաթոյեանն ալ հերթական անգամ բարձրաձայնեց, որ Ատրպէյճանի զինուորները կը սպառնան Սիւնիքի գիւղերու բնակիչներու ֆիզիքական անվտանգութեան, նաեւ կը խաթարեն մարդոց ազատ տեղաշարժը։

«Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Արմէն Սարգսեան եւ Արման Թաթոյեան Սիւնիքի մէջ այցելեցին նաեւ Կապան խոշորացուած համայնքը՝ մանաւանդ Դաւիթ Բէկ բնակավայրն ու Ճակատեն գիւղը։ Հանրապետութեան նախագահը արձանագրած է, որ իր այցելած բոլոր բնակավայրերուն մէջ թիւ մէկ հարցը անվտանգութիւնն է։ «Կան խնդիրներ, որոնք պետութեան պարտականութիւնն են, բայց կան խնդիրներ, որոնք կրնան լուծուիլ նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններու կողմէ՝ բարեգործական միջոցներով։ Կան նաեւ համակարգային խնդիրներ։ Պէտք է ստեղծուին նոր աշխատատեղիներ եւ նոր գործունէութիւն, որպէսզի թշնամին տեսնէ, որ այս գիւղերը կը ծաղկին, ո՛չ թէ կը դատարկուին։ Գիւղի բարեկեցութիւնը բոլորի պարտականութիւնն է։ Դուք այդ ճակատին վրայ էք եւ ճակատը միայն կրակելով չէ, այլ նաեւ գիւղի յաջողութիւնն է։ Ուստի, բոլորս ընելիք ունինք։ Ամէն ինչ մեր ձեռքերուն մէջ է, եթէ մենք կարգ ու կանոն ունենանք, կազմակերպուած ըլլանք։ Մենք մեզ չխաբենք, յոյսով չսպասենք, թէ մէկը կու գայ ու մեզի համար հարց կը լուծէ», ըսաւ Արմէն Սարգսեան։

Միւս կողմէ, Երեւանէն այս առաւօտեան ժամերուն հասան նաեւ այլ հետաքրքրական լուրեր։ Այսպէս, Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխ-նախագահ Ալէն Սիմոնեան ընկերային ցանցերու վրայ տեղեկացուց, որ երէկ երեկոյեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ մեկնած են Շուռնուխ եւ այցելած՝ զանազան բնակարաններ։ Գրառման կցուած է նաեւ լուսանկար մը։ Սա նուրբ հարց մըն է, որովհետեւ միջոց մը առաջ Նիկոլ Փաշինեան փորձած էր Սիւնիք այցելել, սակայն բողոքի ցոյցի հետեւանքով չէր յաջողած մուտք գործել եւ հարկադրուած էր վերադառնալ։ Այդ բոլորէն վերջ Փաշինեանի Սիւնիք մտած ըլլալը ընկալուեցաւ աղմուկով։ Կը հաղորդուի, որ այս առաւօտ արդէն Սիւնիքի զանազան շրջաններէն ներս դարձեալ բողոքի ցոյցեր տեղի ունեցած են վարչապետի դէմ։

Հայաստանի կառավարութեան աղբիւրները պաշտօնապէս ոչինչ հաղորդած են վարչապետի այս այցելութեան շուրջ։ Շուռնուխի գիւղապետն ալ այս առաւօտ Փաշինեանի այցելութեան մասին մանրամասնութիւններ հաղորդած է մամուլին։ Շուռնուխի գիւղապետ Յակոբ Արշակեան այս կապակցութեամբ ըսաւ. «Որեւէ հանդիպում չէ եղած, եկած մտած է գիւղ, գտած է երկու բաց դուռ, մտած է ներս, դուրս եկած է, ինքնաշարժը նստած, մեկնած»։

Գիւղապետը աւելցուց, որ իրեն ոեւէ մէկը չէ տեղեկացուցած Փաշինեանի այցելութեան մասին։ «Կ՚երեւի կը զզուի, ես նախկիններէն եմ, չէ՞», ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ եթէ Նիկոլ Փաշինեանի հետ հանդիպէր, ապա կացութիւնը ցոյց տալով պիտի հարցնէր, որ կրնա՞ր շարունակել ըսել, որ Սիւնիքը անվտանգ է։

Ուշագրաւ է, որ Փաշինեանի այս այցելութիւնը տեղի ունեցած է Արմէն Սարգսեանի եւ Արման Թաթոյեանի ուղեւորութեան նոյն օրուայ երեկոյեան ժամերուն։

«Ազատութիւն» ռատիօկայանն ալ տեղեկացուց, որ Նիկոլ Փաշինեանի դէպի Սիւնիք այցը կ՚ուղեկցուի բողոքի ցոյցերով։ Մեղրիցիները փորձած են խոչընդոտել վարչապետի տեղաշարժը՝ պահանջելով, որ ան հեռանայ։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 21, 2021