ԱՆԽԱՓԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔ

Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմէն վերջ հաստատուած հրադադարի պահպանման վերահսկման շրջանակներէն ներս Ռուսաստան-Թուրքիա համատեղ մշտադիտարկման կեդրոնի անձնակազմը կը շարունակէ իրականացնել իր առաջադրանքները։ Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները երէկ հրապարակեցին տեղեկագիր մը, ուր մատնանշուած է այս մասին։

Հայկական լրատուամիջոցներուն մօտ լայն արձագանգ գտան այս հաղորդումները, ըստ որոնց հակամարտութեան գօտիէն ներս իրավիճակի վերահսկողութիւնը կ՚իրականացուի շուրջօրեայ դրութեամբ անօդաչու թռչող սարքերով։ Հաղորդումներուն մէջ մասնաւորապէս նշուած է անունը այն սարքաւորումներուն, որոնց օգնութեամբ կ՚իրականացուի մշտադիտարկումը։ Ռուսական անօդաչուներու իւրաքանչիւր թռիչք կրնայ տեւել տասն ժամ։ Անոնք թոյլ կու տան հաւաստի ճշգրտութեամբ բնորոշել զանազան կառոյցներու տեղային տուեալները եւ համապատասխանութիւնը անոնց գործնական տեղադիրքին։

Ռուսաստանի անօդաչու օդագնացութեան ծառայութեան պետ Ալեքսանտր Քրեփիշեւ յայտնեց, որ զուգահեռաբար տեղի կ՚ունենայ ինքնաշարժներու շարասիւներու ուղեկցում։ Այդ միջոցները կ՚օգտագործուին լեռնային, անտառային եւ դժուար հասանելի տարածքներու ուսումնասիրութեան համար։

Համատեղ կեդրոնի զինուորականները անդադար անօդաչու սարքերէն կը ստանան պատկերներ, որոնք կ՚արձանագրեն ռազմական սարքաւորումներու, անձնակազմի տեղափոխումը, ինչպէս նաեւ շփման գիծի հատման բոլոր փաստերը։

Լեռնային Ղարաբաղի՝ Ատրպէյճանի հսկողութեան տակ անցած տարածքէն ներս ռուս-թրքական համատեղ կեդրոնի գործունէութիւնը սկսած էր 30 յունուար 2021 թուականին։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 21, 2021