ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ԸՆԴԼԱՅՆՈՒՄ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու (ԱՄԷ) Արտաքին գործոց ու միջազգային համագործակցութեան նախարար Ապտուլլահ պին Զայիտ էլ Նահեանի հետ։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նախարարները անդրադարձ կատարեցին Այվազեանի՝ ԱՄԷ կատարած աշխատանքային այցելութեան ժամանակ ձեռք բերուած համաձայնութիւններու իրականացման ընթացքին։ Անոնք կարծիքներ փոխանակեցին փոխադարձ հետաքրքրութեան առարկայ ոլորտներէ ներս համագործակցութեան վերաբերեալ հարցերու շուրջ։ Քաղաքական երկխօսութեան ընդլայնման ուղղեալ քայլերու ամբողջին մէջ երկուստեք ընդգծուեցաւ փոխադարձ այցելութիւններու եւ նախարարութիւններու միջեւ խորհրդատուութիւններու կազմակերպման կարեւորութիւնը։

Արա Այվազեան եւ Ապտուլլահ պին Զայիտ էլ Նահեան հանգամանօրէն կարծիքներ փոխանակեցին նաեւ տարածքաշրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան հարցերու շուրջ։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 21, 2021