ԿԱՏՈՒՆ ՈՍՏԻԿԱՆԱԿԱՆ ԲԱԺՆԻ ՂԵԿԱՎԱՐ
Ճաբոնի մէջ Քոքօ անունով կատուն մէկ օրով նշանակած են ոստիկանութեան բաժնի ղեկավար։ Այսպէս, Ճաբոնի մէջ Քոքօ անունով կատուն մէկ օրով նշանակուած է Տոիամա քաղաքի ոստիկանութեան բաժանմունքի ղեկավար՝ փրկելու համար տեղւոյն բնակիչներէն մէկուն կեանքը: «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս մասին հաղորդած է Ճաբոնի Հանրային հեռուստաընկերութիւնը:
2020 թուականին քաղաքի բնակիչներէն մէկը նկատած է փողոցի վրայ անշարժ նստած եւ ջրանցքին նայող Քոքօ կատուն: Ջրանցքի մէջ ոստիկանութեան աշխատակիցները յայտնաբերած են տղամարդու մը մարմինը: Ջրանցքէն զայն հանելէ յետոյ յաջողուած է նաեւ գիտակցութեան բերել:
Պաշտօնը ստանձնելու երդման արարողութեան ժամանակ կատուի գլխուն եղած է ոստիկանի գլխարկ, իսկ հագուած է համազգեստ: Կատուի երդման բնագիրին մէջ նշուած է. «Այսուհետեւ հանդիսաւոր կերպով կ՚երդուեմ ուշադիր ըլլալ զբօսանքներու ընթացքին»: