ՀԱՄԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՊԱՅՔԱՐ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան պիտի մասնակցի Համաշխարհային օրուայ գագաթաժողովին, որ պիտի սկսի վաղը։ Երկօրեայ այս գագաթաժողովի ընթացքին կլիմայի տագնապը պիտի քննարկուի համաշխարհային հարթութեան վրայ։ Այս տարուան գագաթաժողովը ամբողջութեամբ հեռավար դրութիւնով կազմակերպուած է քորոնաժահրի համաճարակին հետեւանքով։

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի տանտիրութեամբ կազ-մակերպուած գագաթաժողովին Էրտողանի առընթեր հրաւիրուած են աշխարհի շարք մը յառաջատար երկիրներու ղեկավարներ. ինչպէս՝ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին, Չինաստանի նախագահ Շի Ցինփին, Գանատայի վարչապետ Ճասթին Թրիւտօ, Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել, Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւել Մաքրոն, Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել, Անգլիոյ վարչապետ Պորիս Ճանսըն եւ այլք։

Տեղական մամուլի հաղորդումներով, գագաթաժողովի ընթացքին նախագահ Էրտողան հանդէս պիտի գայ աշխարհի ղեկավարներուն ուղղեալ կոչով մը՝ կլիմայի համաշխարհային տագնապին դէմ ընդհանրական պայքար մղելու համար։ Էրտողան պիտի ընդգծէ, որ երկրագունդի դիմագրաւած կլիմայի աղէտի կասեցման համար ի՛նչ քայլեր կրնան առնուիլ։ Ան պիտի մատնանշէ, որ աշխարհ քորոնաժահրի համաճարակին ալ դէմ յանդիման մնացած է էքօհամակարգի խանգարման հետեւանքով։

Գագաթաժողովի ընթացքին միւս ղեկավարներն ալ պիտի պարզեն իրենց տեսակէտները, թէ կլիմայի տագնապի հետեւանքներու նուազեցման համար ինչպիսի քայլերու պէտք է դիմեն։ Նկատի ունենալով, որ ԱՄՆ վերադարձած է Փարիզի համաձայնութեան՝ գագաթաժողովի ընթացքին պիտի պարզուին մինչեւ 2030 թուականը անոր կողմէ որդեգրուելիք նպատակները։

Միեւնոյն ժամանակ, վաղը սկսելիք գագաթաժողովը կը համարուի 2021 թուականի նոյեմբերին Կլասքովի մէջ նախատեսուած՝ ՄԱԿ-ի Համաշխարհային ջերմացման խորհրդաժողովի (COP-26) մեկնարկը։

ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ

Միւս կողմէ, կը հաղորդուի, որ «G-7»ի մասնակից երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները 2019 թուականէն ի վեր առաջին անգամ դէմ առ դէմ հանդիպում մը պիտի իրականացնեն յառաջիկայ ամսուայ սկիզբին։ Ասոնք այն երկիրներն են, որոնց ղեկավարները գրեթէ ամբողջութեամբ վաղը սկսելիք առցանց գագաթաժողովին ժամանակ կլիմայի փոփոխութեան տագնապին վրայ պիտի կեդրոնանան։

«G-7»ի արտաքին գործոց նախարարներուն ժողովը 3-5 մայիսին նախատեսուած է Լոնտոնի մէջ, անվտանգութեան խիստ միջոցառումներու պայմաններուն ներքեւ։ Անգլիոյ Արտաքին գործոց նախարար Տոմինիք Ռաապի գրասենեակը տեղեկացուց, որ միջանձնային դիւանագիտութեան վերակենդանացման կարեւոր հնարաւորութիւն մը պիտի ըլլայ այս մօտալուտ հաւաքը, որու օրակարգին վրայ պիտի գտնուին միջազգային բնոյթի կարեւորագոյն խնդիրներ՝ ներառեալ քորոնաժահրի համաճարակն ու պատուաստանիւթերու հասանելիութիւնը։

«G-7»ի արտաքին գործոց նախարարներու վերջին դէմ առ դէմ հանդիպումը 2019 թուականի ապրիլին տեղի ունեցած էր Ֆրանսայի մէջ։ Ներկայիս կ՚ակնկալուի նաեւ, որ «G-7»ի ղեկավարներու տարեկան գագաթաժողովն ալ յունիսին տեղի ունենայ նոյնպէս Անգլիոյ մէջ։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 21, 2021