ՅՈՒՆԻՍԻՆ ՏԵՂԻ Կ՚ՈՒՆԵՆԱՅ ՔԱՆՆԻ ՓԱՌԱՏՕՆԸ
Յայտնի դարձած է, թէ ո՛ր ժապաւէնը կը բանայ Քաննի շարժանկարի փառատօնը։ Ֆրանսացի բեմադրիչ Լէոս Քարաքսի «Անէթը» երաժշտախաղը կը բանայ Քաննի շարժանկարի փառատօնը:
Լէոս Քարաքսի ամէն մէկ շարժապատկերը իրադարձութիւն մըն է: Եւ այս ժապաւէնը կը կատարէ իր բոլոր խոստումները. «Անէթը» նուէր է, որու հետ յոյս կապած են շարժանկարի, երաժշտութեան եւ մշակոյթի սիրահարները», ըսած է Քաննի շարժանկարի փառատօնի նախագահ Փիէռ Լեզքիւր:
Շարժանկարին մէջ, որ դարձած է Քարաքսի առաջին անգլիալեզու նախագիծը, դերերը կատարած են Մարիոն Քոթիար եւ Էտըմ Տրայվըր:
Շարժանկարի դէպքերը տեղի կ՚ունենան արդի Լոս Անճելըսի մէջ: Գլխաւոր հերոսներն են՝ սթենտափի վարպետ Հենրին (Տրայվըր) եւ անոր կինը՝ երգչուհի Էննը (Քոթիար): Անոնք կ՚ապրին արտասովոր կեանքով, բայց իրենց դստեր՝ Անէթի ծնիլը, որ օժտուած է արտասովոր շնորհքով, կը փոխէ անոնց կեանքը:
Ամերիկեան յայտնի «Sparks» ռոք-փոփ խումբը ո՛չ միայն գրած է շարժանկարի ձայնային ուղին, այլեւ մասնակցած է բեմագրութեան ստեղծման: Առաջին ցուցադրութիւնը տեղի ունեցած է յուլիսի 6-ին իրականացուած փառատօնի ընթացքին. միաժամանակ շարժանկարը սկսած է ցուցադրուիլ ֆրանսական շարժանկարի սրահներուն մէջ։
Լէոս Քարաքսի նախորդ՝ «Սուրբ շարժիչներ» ժապաւէնը 2012 թուականին նոյնպէս ներկայացուած է Քաննի մէջ: Բեմադրիչի միւս աշխատանքներու կարգին են «Տղան կը հանդիպի աղջկայ», «Նոր կամուրջի սիրահարները», «Փոլա իքս» ժապաւէնները: Քաննի շարժանկարի փառատօնը պէտք է տեղի ունենայ յուլիս 6-17 թուականներու միջեւ։ Դատակազմը եւ մրցութային ծրագիրը կը յայտարարեն աւելի վերջ: