ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐՈՒ ՆՇԱՆԱԿՈՒՄ

Կառավարութեան կազմին մէջ երէկ կատարուեցան փոփոխութիւններ։ Սա թէ՛ Նախարարաց խորհուրդի կառուցուածքին եւ թէ կազմին վերաբերեալ փոփոխութիւն մըն է։ Հանրապետութեան նախագահի տնօրինութիւնով կատարուեցան փոփոխութիւնները։

Երբ Թուրքիա նախագահական կառավարման համակարգի կ՚անցնէր, ստեղծուած էր Ընտանիքի, աշխատանքի եւ ընկերային ծառայութիւններու նախարարութիւնը։ Երէկուան որոշումով այդ նախարարութիւնը բաժնուեցաւ երկուքի։ Այսպէս, ստեղծուեցան Ընտանիքի եւ ընկերային ծառայութիւններու նախարարութիւնը եւ Աշխատանքի եւ ընկերային ապահովութեան նախարարութիւնը։ Առաջինին գլուխը բերուեցաւ Տերիա Եանըք, իսկ միւսին՝ Վետաթ Պիլկին։

Երէկուան կարգադրութիւններով Ռուհսար Փեքճան դադրեցաւ առեւտուրի նախարարի պաշտօնը վարելէ։ Իրեն կը յաջորդէ Մեհմէտ Մուշ, որ ԱՔ կուսակցութեան Իսթանպուլի երեսփոխաններէն մին է։

Այսպէսով երեք նոր նախարար մաս կազմեց կառավարութեան կազմին։ Տեղական մամուլը կը գրէ, որ Նախարարաց խորհուրդի կազմը սահմանափակ փոփոխութեան մը ենթարկուած է։ Նոր տնօրինութիւնները երէկ երեկոյեան հրապարակուեցան Պաշտօնաթերթին մէջ։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 21, 2021