ՉԱՎՈՒՇՕՂԼՈՒԷՆ ՎԵՐՋՆԱԳԻՐ

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու հերթական անգամ Ապրիլի 24-ի ընդառաջ անդրադարձաւ՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի կողմէ պատգամին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հաւանականութեան։ «Եթէ ԱՄՆ կը փափաքի յարաբերութիւնները վատթարացնել, ապա որոշումը իրենն է», ըսաւ Մեւլիւտ Չավուշօղլու եւ աւելցուց, որ այդ քայլը վնաս պիտի հասցնէ ՆԱԹՕ-ի գծով դաշնակից երկու երկիրներու՝ առանց այդ ալ լարուած յարաբերութիւններուն։

«Հապէրթիւրք» հեռուստակայանին տուած հարցազրոյցին մէջ Մեւլիւտ Չավուշօղլու նշեց, որ ԱՄՆ պէտք է յարգէ միջազգային իրաւունքը։ Իր յայտարարութիւնները արձագանգ գտան նաեւ միջազգային յառաջատար լրատուամիջոցներուն մօտ։ Չավուշօղլուի խօսքով, իրաւական ուժէ զուրկ յայտարարութիւնները որեւէ օգուտ չեն բերեր, անոնք վնաս կը հասցնեն յարաբերութիւններուն։ «Եթէ ԱՄՆ կը փափաքի վատթարացնել յարաբերութիւնները, որոշումը իրն է», յայտնեց Չավուշօղլու։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 21, 2021