ՊԱՏՈՒԱՍՏԻ ՀԱՄԱՐ ՀԵՐԹԵՐ

Բովանդակ Թուրքիոյ մէջ թափով կ՚ընթանայ քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պատուաստումներու գործընթացը։ Վերջին օրերուն արդէն հերթը հասած է 55 տարեկան եւ աւելի բարձր քաղաքացիներու պատուաստումին։ Երբ Առողջապահութեան նախարարութեան կողմէ հրապարակուած տուեալները բաւական մտահոգիչ պատկեր մը կը պարզեն, տեղական մամուլը կը հաղորդէ, որ պատուաստումներու սկիզբէն ի վեր առաջին անգամ հիւանդանոցներու առջեւ երկար հերթեր գոյացած են։ Մայրաքաղաք Անգարայի, Իսթանպուլի նման խտացեալ բնակչութիւնով քաղաքներուն մէջ մանաւանդ՝ պատուաստուիլ յաջողեցան միայն այն քաղաքացիները, որոնք կանուխ ներկայացած էին պատուաստման վայր։ Քաղաքացիները պատուաստումի նկատմամբ այն աստիճանի ուշադրութիւն մը ցուցաբերեցին, որ ժամադրութիւններու համար նախատեսուած առցանց համակարգը դարձաւ անհասանելի։

Ըստ մասնագէտներու, այս երեւոյթը ունի շարք մը դրդապատճառներ։ Առաջինը այն է, որ 55 տարեկանէ վեր քաղաքացիները բնակչութեան ամենամեծ շերտը կը կազմեն։ Երկրորդ հիմնական պատճառը այն է, որ այս շերտը վարուած է գիտակից եւ փութով ապահոված է ժամադրութիւնը։ Երրորդ պատճառն ալ այն է, որ «BioNTech» գերմանական պատուաստը սահմանափակ թիւով կը գտնուի Թուրքիոյ մէջ եւ ամէն տեղ չի կիրառուիր։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 21, 2021