ՖԱՀՐԵՏՏԻՆ ԱԼԹՈՒՆ. «ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՊՆԴՈՒՄԸ ԶՐՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆ ՄԸՆ Է, ՈՐ ԿԸ ՍՆՈՒԻ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՀԱՇՈՒԱՐԿՆԵՐՈՎ»

Հանրապետութեան նախագահութեան առընթեր Հաղորդակցութեան բաժանմունքին նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած՝ 1915 թուականի դէպքերու վերաբերեալ միջազգային խորհրդաժողովին ժամանակ, 24 Ապրիլի սեմին հերթական անգամ ամենաբարձր մակարդակի վրայ հնչեցին Անգարայի տեսակէտները հայկական հարցին շուրջ։

Հանրապետութեան նախագահութեան առընթեր Հաղորդակցութեան բաժանմունքի պետ փրոֆ. Ֆահրետտին Ալթուն ծաւալուն ելոյթով մը հանդէս եկաւ այս խորհրդաժողովի բացման։ «Թուրք եւ հայ ժողովուրդները դարեր շարունակ միասին ապրած են խաղաղութեան մէջ։ Այսօր դէմ յանդիման կը գտնուին բանաձեւումի մը, որով անոնց հասարակաց անցեալը կը շեղուի եւ պատմութենէն թշնամանք դուրս բերելու հետամուտ է։ Մենք դէմ ենք այս բանաձեւին», ըսաւ Ֆահրետտին Ալթուն եւ աւելցուց, որ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի կողմէ օրակարգի վրայ բերուած՝ 1915-ի դէպքերու համար արխիւներու երեւան բերուելուն եւ գիտական մօտեցում ցուցաբերելու ուղղեալ առաջարկը ճշմարտութեան կոչ մըն է։ Իր խօսքով՝ իբր թէ Հայոց ցեղասպանութեան պնդումը իրականութեան հետ որեւէ կապ չունի եւ զրպարտութիւն մըն է, որ կը սնուի միայն քաղաքական հաշուարկներէ։ «Բոլորս շատ լաւ գիտենք, թէ օսմանահայոց կամ պատմական անիրաւութիւններու հետամուտ չեն անոնք, որոնք դիւրամատչելի սուտի մը վրայով կը յարձակին Թուրքիոյ վրայ», ըսաւ Ֆահրետտին Ալթուն եւ աւելցուց, որ պատմութիւնը կարելի է ճիշդ ընկալել շնորհիւ համեստ բայց համարձակ մարդոց, որոնք ճշմարտութեան նկատմամբ հաւատք կը տածեն։

Ելոյթին ժամանակ Ֆահրետտին Ալթուն շեշտեց, որ Թուրքիա կը զգայ տեղահանութեան ժամանակ ապրուած ցաւերը։ Իր խօսքով՝ Հանրապետութեան նախագահին կողմէ կատարուած ճշմարտութեան կոչը անկեղծութեան մը ապացոյցն է։ «Մենք այս հողերուն վրայ ապրուած ցաւերը չենք տարանջատեր», ըսաւ Ֆահրետտին Ալթուն եւ աւելցուց, որ պատմութիւնը պէտք է դիտարկել արդար յիշողութեան մը պրիսմակէն։ Ան համոզուած է, որ պէտք է կասեցնել պատմութեան թալանը։

Ըստ Ֆահրետտին Ալթունի, յարափոփոխ այժմէական քաղաքական մօտեցումներով, ակնյայտ է, որ հարիւր տարուայ անցեալով պատմական խնդիրները առողջ ձեւով չեն կրնար դիտարկուիլ։ Նմանօրինակ պատմական նիւթերը անխուսափելիօրէն առօրեայ նեղ վէճերու գործիք կը դարձուին՝ երբ որ անոնք քաղաքականացուին։ Հետեւաբար, զանազան խորհրդարաններու կողմէ վիճելու պատմական հարցերու շուրջ տրուած որոշումները զանոնք ժողովրդավարական չեն դարձներ։ Պատմութեան մէջ ապրուած ցաւերը այսօրուան քաղաքական գործիչներուն համար կը վերածուին՝ շահու տարրի մը։ «Սա ալ տուժածներուն եւ անոնց կրած ցաւերուն դէմ մեծագոյն անարգանքն է», ըսաւ Ֆահրետտին Ալթուն եւ աւելցուց, որ Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնական նպատակն է բոլոր բնագաւառներէ ներս ծառայել արդարութեան ու ճշմարտութեան։ Այս պատճառով, թրքական կողմը արդարութեան պայքար կը մղէ՝ հետամուտ ըլլալով բո՛ւն արդարութեան։ «Ճշմարտութեան հասնելու մեր ձգտումը քաղաքական ձեռքբերումի մը համար չէ, նոյնինքն արդարութեան համար է», ըսաւ ան։

Հոգելոյս Հրանդ Տինքի խօսքերէն մէջբերումներ ալ ընելով՝ Ֆահրետտին Ալթուն նշեց, որ իբր թէ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ պնդումները եղած են ռահվիրան այն երեւոյթին, որ այսօր ծանօթ է որպէս՝ յետ-ճշմարտութիւն (post-truth)։ Ալթուն աւելցուց, որ յաչս թրքական կողմին որեւէ արժէք չի ներկայացներ, թէ ո՛ր երկրի խորհրդարանը, ի՛նչ որոշում առած է այս հարցին շուրջ։

«Կը մաղթեմ, թէ ճշմարտութիւնը ու խիղճը մեր վէրքերը սպիացնեն եւ գլխաւորութեամբ Կովկասի՝ ամբողջ աշխարհի վրայ նպաստեն խաղաղութեան եւ կայունութեան», եզրափակեց իր խօսքը Ֆահրետտին Ալթուն։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 21, 2021