ԿԻՒՄՐԻԻ ՄԵԾ ՈՃՐԻՆ ՇՈՒՐՋ ՄԻՇՏ ՍՊԱՍՈՒՄ
Հայաստանի Ազգային ժողովի երդիքին տակ Հանրապետութեան աւագ դատախազ Գէորգ Կոստանեան երէկ բացատրութիւններ տուաւ Կիւմրիի մէջ Աւետիսեաններու ընտանիքի անդամներուն դէմ գործուած սահմռկեցուցիչ ոճրագործութեան քննութեան ընթացքին շուրջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, դատախազը յայտնեց, թէ հայ եւ ռուս իրաւապահները աշխուժօրէն կ՚աշխատին, որպէսզի Կիւմրիի մէջ Աւետիսեաններու ընտանիքի դաժան սպանութեան հետեւանքով յառաջացած իրավիճակին մէջ գտնեն տարբերակ մը, որ համահունչ պիտի ըլլայ միջազգային իրաւունքի չափանիշներուն։ «Կը վստահեցնեմ, որ այս հարցին մէջ նոյնն են ո՛չ միայն մեր բոլորին զգացումները, այլ նաեւ՝ մօտեցումներն ու ակնկալութիւնները», նշեց Կոստանեան։
Խորհրդարանի մէջ փոխանցած բացատրութիւններուն ընթացքին Գէորգ Կոստանեան բնականոն համարեց, որ նման ողբերգութեան դէմ յառաջացած է հասարակութեան ընդգծեալ ուշադրութիւնը։ «Ես կը հասկնամ նաեւ այն բոլոր մարդիկը, որոնք փողոց դուրս եկած էին եւ արդարօրէն կը պահանջէին, որպէսզի գործը յանձնուի Հայաստանի Հանրապետութեան արդարադատութեան», շարունակեց աւագ դատախազը։
Գործի քննութեան կապակցութեամբ Կոստանեան միայն ըսաւ, որ այս պահու դրութեամբ ստեղծուած է գործնականօրէն աննախընթաց իրավիճակ մը՝ թէ՛ հայկական եւ թէ ռուսական իրաւապահներու տեսանկիւնէն։ Ըստ իրեն, այժմ քայլերու կը ձեռնարկուին առկայ իրավիճակին մէջ գտնելու համար միջազգային իրաւունքի բոլոր չափանիշներուն համահունչ տարբերակ մը։