ՓԼԱԹԻՆԻ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Ո­ՒԷ­ՖԱ-ի նա­խա­գահ Մի­շէլ Փլա­թի­նի այ­սօր միօ­րեայ այ­ցե­լու­թիւն մը կու տայ Ե­րե­ւան։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, իր շփում­նե­րը ու­նին ան­պաշ­տօն բնոյթ։ Ե­րե­ւա­նի մէջ ան կը հիւ­րըն­կա­լուի Հա­յաս­տա­նի Ֆութ­պո­լի դաշ­նակ­ցու­թեան նա­խա­գահ Ռու­բէն Հայ­րա­պե­տեա­նի կող­մէ։

Օ­րուան տե­ւո­ղու­թեան Մի­շէլ Փլա­թի­նի կ՚այ­ցե­լէ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծին, նաեւ շրջայց մը կը կա­տա­րէ Հա­յաս­տա­նի Ֆութ­պո­լի դաշ­նակ­ցու­թեան թեք­նիկ կեդ­րո­նի՝ Ֆութ­պո­լի ա­կա­դե­միոյ հա­մա­լի­րէն ներս։ Ե­րե­կո­յեան Ռու­բէն Հայ­րա­պե­տեան ընթ­րի­քով մը կը պա­տուէ Մի­շէլ Փլա­թի­նին։

Յետ­մի­ջօ­րէին Ե­րե­ւա­նի մէջ նա­խա­տե­սուած է նաեւ Մի­շէլ Փլա­թի­նիի մամ­լոյ ա­սու­լի­սը։ Ֆութ­պո­լի ա­կա­դե­միոյ մէջ Մի­շէլ Փլա­թի­նի կարճ զրոյց մը կ՚ու­նե­նայ զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ։

Հինգշաբթի, Մայիս 21, 2015