ՏԻՄԱ ԱԼ ՈՒԱՈՒԻ. ՊԱՂԵՍՏԻՆՑԻ ԱՄԵՆԱՓՈՔՐ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԲԱՆՏԱՐԿԵԱԼԸ

Տի­մա Ալ Ո­ւաուի կը հան­դի­սա­նայ պա­ղես­տին­ցի ա­մե­նա­փոքր քա­ղա­քա­կան բան­տար­կեա­լը: Տաս­ներ­կու տա­րե­կան պա­ղես­տին­ցի պար­մա­նու­հին եր­կու­քու­կէս ա­միս բան­տար­կուած մնա­լէ ետք ա­զատ կ­­՚ար­ձա­կուէր 24 Ապ­րիլ 2016-ին: Ո­ւաուի ա­զատ կ՚ար­ձա­կուէր Թուլ Քարմ շրջա­նին մէջ, ուր ա­նոր դի­մա­ւո­րե­լու ե­կած էր Պա­ղես­տի­նի կա­ռա­վա­րու­թեան Գե­րի­նե­րու եւ քա­ղա­քա­կան բան­տար­կեալ­նե­րու հար­ցե­րով նա­խա­րար՝ Ի­սա Ալ Քա­րա­քէհ ու ա­նոր ըն­տա­նե­կան պա­րա­գա­նե­րը: Տի­մա կը տա­րուէր Քա­լի­լոյի մէջ գտնուող Հալ­հուլ ա­ւա­նը՝ իր ծննդա­վայ­րը, ուր կ­­՚ար­ժա­նա­նար յա­տուկ ըն­դու­նե­լու­թեան: Պար­մա­նու­հիին ա­զատ ար­ձա­կու­մէն ան­մի­ջա­պէս ետք ա­նոր փաս­տա­բա­նը՝ Թա­րէք Պար­ղութ կը յայտ­նէր, թէ «Տի­ման հան­դի­սա­ցաւ ա­րաբ-իս­րա­յէ­լեան հա­կա­մար­տու­թեան կրտսե­րա­գոյն քա­ղա­քա­կան բան­տար­կեա­լը»: Եօ­թա­նա­սուն­հինգ օր բան­տարկուած մնա­ցած Տի­ման, իս­րա­յէ­լեան ու­ժե­րուն կող­մէ ձեր­բա­կա­լուած էր 9 Փետրւա­րին, Իս­րա­յէ­լի «Քար­մել­ցոր» վե­րաբ­նա­կե­ցան վայ­րին մօտ: Դպրո­ցա­կան հա­մազ­գես­տով ձեր­բա­կա­լուած Տի­ման կը մե­ղադ­րուէր դա­շոյն կրե­լու եւ իս­րա­յէլ­ա­ցի վե­րաբ­նա­կե­ցեա­լի դէմ մա­հա­փորձ պատ­րաս­տե­լու մե­ղադ­րան­քով: Ըստ պա­ղես­տի­նեան մար­մին­նե­րու, Տի­մա­յի խոս­տո­վա­նու­թիւն­նե­րը ան­հիմն են, ո­րո­վե­տեւ ա­նոր դա­տա­վա­րու­թիւ­նը ե­ղած է իր պաշտ­պան փաս­տա­բա­նի ու ծնո­ղե­րուն բա­ցա­կա­յու­թեան:

Վեր­ջի­նիս տան մօտ գտնուող իս­րա­յէ­լեան բնա­կեց­ման վայ­րին մօտ մե­ղադ­րե­լով, որ Տի­ման փոր­ձած է դա­շու­նա­հա­րել իս­րա­յէ­լա­ցի վե­րաբ­նա­կե­ցեալ մը: Զի­նուո­րա­կան դա­տա­րա­նը ա­ւե­լի ուշ քննե­լով հար­ցը եր­կու­քու­կէս ամ­սուան բան­տար­կու­թեան վճիռ ար­ձա­կած էր Տի­մա­յին դէմ, ա­նոր պա­րա­գա­նե­րէն պա­հան­ջե­լով վճա­րել շի­քէլ (2000 ա­մե­րի­կեան տո­լա­րի հա­մա­զօր գու­մար մը): Մի­ջազ­գա­յին Կար­միր խաչ կազ­մա­կեր­պու­թեան բան­բե­րը յայ­տա­րա­րու­թեամբ մը հան­դէս գա­լով դա­տա­պար­տած էր դէպ­քը եւ պա­հան­ջած՝ յար­գել ան­չա­փա­հաս­նե­րու ի­րա­ւունք­նե­րը:

Պա­ղես­տի­նի Մարդ­կա­յին ի­րա­ւանց կազ­մա­կեր­պու­թեան հա­ւաստ­մամբ՝ 1967 թուա­կա­նին տե­ղի ու­նե­ցած պա­տե­րազ­մէն մին­չեւ 1988 թուա­կա­նը իս­րա­յէ­լեան բան­տե­րուն մէջ յայտ­նուած պա­ղես­տին­ցի­նե­րուն թի­ւը կը հաս­նի 600 հա­զա­րի: 2012 թուա­կա­նին հրա­պա­րա­կած հա­ղոր­դագ­րու­թեամբ՝ Պա­ղես­տի­նի Վար­չա­պետ Սա­լամ Ֆա­յատ կը յայտ­նէր, որ տար­բեր հան­գա­մանք­նե­րու բե­րու­մով 1967 թուա­կա­նէն աս­դին Պա­ղես­տի­նի բնակ­չու­թեան 20 առ հա­րիւ­րը յայտ­նուած է իս­րա­յէ­լեան բան­տե­րու մէջ:

ՊԱ­ՂԵՍ­ՏԻՆ­ՑԻ Ա­ԿԱ­ՆԱ­ՒՈՐ ԳՈՐ­ԾԻՉ­ՆԵՐ ԲԱՆ­ՏԻ ՃԱ­ՂԵ­ՐՈՒ Ե­ՏԻՆ

Իս­րա­յէ­լեան ու­ժե­րուն կող­մէ բան­տար­կուած պա­ղես­տին­ցի­նե­րուն մէջ կան տաս­նեակ հան­րա­յին կեր­պար­ներ, ո­րոնք ցայ­սօր ալ կը շա­րու­նա­կեն մնալ բան­տար­կուած: Այդ բան­տար­կեալ­նե­րուն գլխա­ւոր­նե­րը կը հա­մա­րուին Ահ­մատ Սահ­տաթն ու Մա­րուան Պար­ղու­թին: Մինչ Ահ­մատ Սահ­տաթ բան­տար-կըւած է իս­րա­յէ­լա­ցի նա­խա­րար Ռե­ւա­հիմ Զե­ւի­նի (սպան­նուած՝ 17 Հոկ­տեմ­բեր 2001 թուա­կա­նին) սպա­նու­թիւ­նը կազ­մա­կեր­պե­լու եւ գոր­ծադ­րե­լու հա­մար, ան­դին Մա­րուան Պար­ղու­թի, որ յայտ­նի է նաեւ որ­պէս «պա­ղես­տին­ցի­նե­րու Նել­սոն Ման­տե­լան», ցկեանս բան­տար­կու­թեան պա­տի­ժի ար­ժան­ցած է, մե­ղադ­րուե­լով ե­րեք յար­ձա­կում­ներ (2001, 2002 թթ.) գոր­ծե­լու եւ հինգ ան­ձե­րու սպան­ու­թեան պատ­ճառ հան­դի­սա­նա­լու մէջ: Պար­ղու­թի, որ այ­սօր կը հան­դի­սա­նայ հա­մա­պա­ղես­տի­նեան դի­մադ­րու­թեան գլխա­ւոր կեր­պար, կը հա­մա­րուի «Ալ Աք­սա­յի նա­հա­տակ­ներ» զի­նեալ խմբա­ւոր­ման հիմ­նա­դի­րը:

ՊԱ­ՂԵՍ­ՏԻՆ­ՑԻ­ՆԵ­ՐՈՒ ՀԱ­ՄԱՐ ԿԱ­ՌՈՒ­ՑՈՒԱԾ ԲԱՆ­ՏԵՐ

Ա­րաբ-իս­րա­յէ­լեան հա­կա­մար­տու­թեան թէ­ժա­ցու­մէն ի վեր Իս­րա­յէ­լի մէջ կը գոր­ծեն տաս­նեակ բան­տեր, ո­րոնք յատ­կա­ցուած են պա­ղես­տին­ցի բան­տար­կեալ­նե­րու: Այդ բան­տե­րէն պէտք է ա­ռանձ­նաց­նել Պըր Ալ Սապ­հի, Աս­քա­լա­նի, Նա­քապ ա­նա­պա­տի, Ռամ­լա­յի, Մաս­քու­պա­յի, Քա­ֆար Եու­նա­յի, Օ­ֆա­րի, Տա­մո­նի եւ Թալ­մոն­տի բան­տե­րը: Այս բան­տե­րուն հիմ­նա­կան մա­սը հիմ­նուած են բա­ցա­ռա­պէս պա­ղես­տին­ցի քա­ղա­քա­կան բան­տար­կեալ­նե­րուն հա­մար:

ՊԱ­ՂԵՍ­ՏԻՆ-ԻՍ­ՐԱ­ՅԷ­ԼԵԱՆ ՏԱԳ­ՆԱ­ՊԻ ԱՐ­ՄԱՏ­ՆԵ­ՐԸ

1900-ա­կան­նե­րու սկիզ­բը Պա­ղես­տի­նի մէջ բնա­կող հրեա­նե­րուն թի­ւը կը կազ­մէր բնակ­չու­թեան 5 առ հա­րիւ­րը: Ա­ռա­ջին աշ­խար­հա­մար­տի ըն­լաց­քին կ­­՚օ­րի­նա­կա­նա­ցուէր Պա­ղես­տի­նի մէջ իս­րա­յէ­լա­ցի­նե­րուն հա­մար հայ­րե­նիք մը կա­ռու­ցե­լու գա­ղա­փա­րը, մաս­նա­ւո­րա­պէս բրի­տա­նա­ցի ար­տա­քին հար­ցե­րու պա­տաս­խա­նա­տու Ար­թըր Ճէյմս Պել­ֆո­րի հրա­պա­րա­կած յայ­տա­րա­րու­թե­նէն ետք: 2 Նո­յեմ­բեր 1917 թուա­կա­նին հրա­պար­կուած յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը ա­ւե­լի ուշ կը ճանչ­ցուէր որ­պէս «Պել­ֆո­րեան խոս­տում», որ տրուած էր բրի­տա­նա­ցի հրեա­նե­րուն եւ զա­նոնք կը քա­ջա­լե­րէր պա­ղես­տի­նեան հո­ղե­րուն վրայ հիմ­նադ­րել իս­րա­յէ­լա­ցի­նե­րու «ազ­գա­յին տուն»ը: Բնա­կա­նա­բար «Իս­րա­յէլ հայ­րե­նիք»ը կեր­տե­լու փու­լը ի­րա­կան դառ­նալ կը սկսէր Հա­մաշ­խա­րա­հա­յին երկ­րորդ պա­տե­րազ­մէն աս­դին: Մին­չեւ այ­սօ­րուան ի­րա­վի­ճա­կին հաս­նի­լը ա­ւե­լի քան 500 հա­զար պա­ղես­տին­ցի­ներ տար­բեր ա­ռիթ­նե­րոով վտա­րուե­ցան ի­րենց բնօր­րա­նէն եւ որ­պէս գաղ­թա­կան­ներ հաս­տա­տուե­ցան Յոր­դա­նա­նի, Սու­րիոյ եւ Լի­բա­նա­նի մէջ: Այս գաղ­թա­կա­նու­թեան ա­մե­նէն ծանր տա­րե­թի­ւը 1948 թուա­կանն էր, որ ցայ­սօր պա­ղեստ­ին­ցի­նե­րուն հա­մար յի­շա­տա­կե­լի թուա­կան մը կը հա­մա­րուի եւ ա­րա­բե­րէն լե­զուով յայտ­նի է որ­պէս «Եոմ ալ նաք­պա» («Ա­ղէ­տի օր»):

Պա­ղես­տին-իս­րա­յէ­լեան հա­կա­մար­տու­թիւ­նը նոր հանգ­րուան կը մտնէր 1967 թուա­կա­նին, երբ Իս­րա­յէլ կը գրա­ւէր Կազ­զէն եւ Ե­րու­սա­ղէ­մի հան­դի­պա­կաց ա­րեւմ­տեան ափն ու ա­րե­ւե­լեան Ե­րու­սա­ղէ­մի կա­րե­ւոր մէկ հա­տուա­ծը: Այդ հանգ­րուա­նէն ետք է նաեւ, որ Իս­րա­յէ­լի յա­ջոր­դա­կան կա­ռա­վա­րու­թիւն­նե­րը սկիզբ կը դնէին վե­րաբ­նա­կեց­ման քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մը, հա­զա­րա­ւոր հրեա­ներ Իս­րա­յէլ փո­խադ­րե­լով եւ զա­նոնք տե­ղա­ւո­րե­լով այս նպա­տա­կով կա­ռու­ցուած վե­րաբ­նա­կեց­ման վայ­րե­րու մէջ:

Ա­րաբ-իս­րա­յէ­լեան հա­կա­մար­տու­թեան հիմ­նա­կան ար­մա­տը պա­ղես­տին­ցի­նե­րու հան­դէպ իս­րա­յէ­լի կի­րա­ռած քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն­ներն են: Տագ­նա­պը ու­նի տար­բեր ե­րե­սակ­ներ, ո­րոնց ներ­կա­յա­ցու­մը այս յօ­դուա­ծին պար­տա­կա­նու­թիւ­նը չէ, սա­կայն հասկ­նա­լու հա­մար պա­ղես­տին­ցի­նե­րու Իս­րա­յէ­լի հան­դէպ ու­նե­ցած ա­տե­լա­վառ զգա­ցում­նե­րը, փոր­ձե­ցինք հա­կիրճ տո­ղե­րու մէջ ներ­կա­յաց­նել պատ­մա­կան դի­պա­շա­րը: Էթ­նիք հո­ղի վրայ սկիզբ ա­ռած բա­խում­նե­րը այ­սօր վե­րա­ծուած են միջկ­րօ­նա­կան հա­մընդ­հա­նուր հա­կա­մար­տու­թեան: Տար­բեր հան­գա­մանք­ներ, ու մաս­նա­ւի­րա­պէս կրօ­նա­կան ազ­դա­կը օգ­նած են, որ Պա­ղես­տին-Իս­րա­յէլ հա­կա­մար­տու­թիւ­նը վե­րա­ծուի ա­րաբ-իս­րա­յէ­լեան բուռն հա­կա­մար­տու­թեան: Պէտք է նոյնպէս նշել, որ հա­կա­մար­տու­թիւ­նը կա­րե­ւոր խա­ղա­քարտ դար­ձած է Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի մէջ քա­ղա­քա­կան եւ տնտե­սա­կան շա­հեր հե­տապն­դող գեր­տէ­րու­թեանց հա­մար:

Իս­րա­յէ­լի պե­տու­թեան շուրջ ապ­րող պա­ղես­տին­ցի­նե­րուն հա­մար ա­նըն­դու­նե­լի է, Թէո­տոր Հեր­շէ­լի կա­ղա­պար­նե­րով ստեղ­ծուած պե­տու­թեան մը գո­յու­թիւ­նը: Նոյ­նը պէտք է ը­սել իս­րա­յէ­լեան մօ­տե­ցու­մին մա­սի, ո­րուն տար­բեր ղե­կա­վար­նե­րը ա­ռիթ չեն փախց­ներ պա­ղես­տին­ցի ա­րա­բը ոչ միայն երկ­րորդ կար­գի քա­ղա­քա­ցի հա­մա­րե­լու (ե­թէ են­թա­կան իս­րա­յէ­լեան քա­ղա­քա­ցիու­թիւն ու­նի), այլ ա­րաբ ու իս­լամ տար­րը կը հա­մա­րեն մեր­ժե­լի: Ճիշդ է նաեւ, որ վեր­ջին հինգ տա­րի­նե­րուն Սու­րիոյ ա­րիւ­նա­հեղ պա­տեր­զա­մին հե­տե­ւան­քով ա­րաբ­նե­րու ընդ­հա­նուր ու­շադ­րու­թիւ­նը շե­ղե­ցաւ այս հա­կա­մար­տու­թե­նէն, սա­կայն չէ բա­ցա­ռուած, որ ա­րաբ-իս­րա­յէ­լեան հա­կա­մար­տու­թիւ­նը ո­րե­ւէ ա­տեն բռնկի՝ տուն տա­լով շրջա­նին մէջ ստեղ­ծուե­լիք նոր հա­մընդ­հա­նուր ա­րիւ­նա­հո­սու­թիւ­նե­րու:

Իս­րա­յէ­լի հան­դէպ ա­տե­լու­թեամբ լե­ցուած պա­ղես­տին­ցի­նե­րու վար­մուն­քը դրա­կան ճա­նա­պարհ­նե­րու չ՚ա­ռաջ­նոր­դեր: Իս­րա­յէ­լի պե­տու­թեան հա­մար գե­րա­գոյն խնդի­րը բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու սե­ղա­նին նստի­լը չէ, այլ զի­նուո­րա­կան ու­ժի ա­ռա­ւե­լու­թեամբ կեր­տուած այդ պե­տու­թեան ա­ռա­ւել հզօ­րա­ցու­մը: Մաս­նա­ւո­րա­պէս Կա­զզէի (ուր իշ­խա­նու­թիւ­նը կը գտնուի իս­լա­մա­մէտ մօ­տե­ցում­նե­րով ա­ռաջ­նոր­դուող «Հա­մաս» շար­ժու­մին ձեռ­քը) դէմ եր­կու կամ ե­րեք տա­րին ան­գամ մը կրկնուող զի­նուո­րա­կան գրոհ­նե­րը նոյն­պէս ի վի­ճա­կի չեն ար­մա­տա­կան լու­ծում տալ խնդրին: Նոյ­նը կա­րե­լի է ը­սել այն մի­ջոց­նե­րուն մա­սին, որ գոր­ծադ­րու­թեան կը դրուին եր­կու կող­մե­րուն կող­մէ (բռնի ու­ժի կի­րա­ռում, հա­լա­ծանք եւ ձեր­բա­կա­լու­թիւն Իս­րա­յէ­լի կող­մէ, իսկ պա­ղես­տին­ցի­նե­րուն կող­մէ՝ ա­կա­նա­հա­րում եւ «սա­ռը զէնք»ի օգ­տա­գոր­ծում) մի­ջոց­նե­րը չեն կրնար հան­գու­ցա­լու­ծել խնդի­րը:

Ա­ՏԵ­ԼՈՒ­ԹԻՒ­ՆԸ ՊԱՏ­ՃԱՌ ԿՐՆԱՅ ԴԱՌ­ՆԱԼ ՆՈՐ Ա­ՐԻՒ­ՆԱ­ՀԵ­ՂՈՒՄ­ՆԵ­ՐՈՒ

12-ա­մեայ Տի­մա Ո­ւաուին ա­մե­նակրտ­սեր պա­ղես­տին­ցին է, ո­րուն ձեր­բա­կալ­ման պա­հուն իս­րա­յէ­լեան մար­մին­ներ ա­նոր մօտ դա­շոյն գտած են: Ըստ զի­նուո­րա­կան դա­տա­րա­նին, ան կը պատ­րաս­տուէր յար­ձա­կիլ իս­րա­յէ­լա­ցի վե­րաբ­նակ­ցեա­լի մը դէմ: Խնդի­րը Տի­մա­յի դա­շոյն կրե­լու ե­րե­ւոյ­թը չէ, այլ շրջա­նին ընդ­հա­նուր ա­տե­լու­թեան մթնո­լոր­տը, որ յա­ռա­ջի­կայ հանգ­րուան­նե­րուն եւս կրնայ նոր ա­րիւ­նա­հո­սու­թեան տա­նիլ՝ վերջ­նակ­նա­պէս վե­րաց­նե­լով ա­րաբ-իս­րա­յէ­լեան խնդրի խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման բո­լոր ա­ռիթ­ներն ու յոյ­սե­րը:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ե­րե­ւան

Շաբաթ, Մայիս 21, 2016