ՄԱՀ՝ ՊԵՌՆԱՐ ԼԷՈՒԻՍԻ

Միացեալ Նահանգներու մէջ իր մահկանացուն կնքեց յայտնի պատմաբան Պեռնար Լէուիս, որ ծնած էր Լոնտոնի մէջ։ Հրէական ծագումով պատմաբանը 102 տարեկան էր։ Ան ծանօթ էր զանազան աշխատանքներով, որոնք կը վերաբերին իսլամի պատմութեան, Մերձաւոր Արեւելքին եւ իսլամ-արեւմուտք յարաբերութեան։ ԱՄՆ-ի «Նէօ-Քոն»երու հիմնական գաղափարախօսներու շարքին կը թուարկուէր։

Տեղական մամուլէն զանազան թերթեր ալ արձագանգ հանդիսացած են իր մահուան՝ նշելով, որ Լէուիս կը հերքէր հայոց ցեղասպանութիւնը։ Ան համոզուած էր, որ 1915 թուականի դէպքերը ցեղասպանութիւն չեն համարուիր եւ պատերազմի մը հետեւանքը կը նկատուին։

1982 թուականին Պեռնար Լէուիս դարձած էր ԱՄՆ-ի քաղաքացի։ 1998 թուականին ան արժանացած էր «Աթաթիւրք» միջազգային խաղաղութեան մրցանակին։ Գիտէր նաեւ թրքերէն։

Երկուշաբթի, Մայիս 21, 2018