ՄՏԵՐՄԻԿ ԵՒ ԱՆԿԵՂԾ

Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան երէկ երեկոյեան Երեւանի մէջ մասնակցեցաւ մտերմիկ եւ անկեղծ հաւաքոյթի մը։ Այսպէս, «Լոֆթ» կեդրոնէն ներս սահմանափակ ձեւաչափով հանդիպում մը նախատեսուած էր Մխիթար Հայրապետեանի հետ։ Բայց եւ այնպէս, փակ շրջանակի համար նախատեսուած այս հանդիպումը ունեցաւ լայն արձագանգ ու մեծ թիւով հետաքրքիրներ ժամանեցին «Լոֆթ» կեդրոնը։ Այս պայմաններուն ներքեւ, Մխիթար Հայրապետեանի հետ նախատեսուած հանդիպումը դադրեցաւ ըլլալէ սահմանափակ ձեւաչափով զրոյց մը։ Շուրջ 300  հոգիի ներկայութեամբ սփիւռքի նորանշանակ նախարարը պատասխանեց շուրջ ութ տասնեակ հարցումներու։ «Լոֆթ» կեդրոնը Երեւանի յայտնի ժամանցավայրերէն մին է, մտաւորական գործունէութիւններով ծանօթ սրճարան մը։ Այս մթնոլորտին մէջ, Մխիթար Հայրապետեան ամենայն համբերութեամբ պատասխանեց իրեն ուղղուած բոլոր հարցումներուն անխտիր։ Նախարարը մէկ կողմէ առանց բացառութեան պատասխանեց այդ հարցումներուն, իսկ միւս կողմէ այդ հարցումներու միջոցաւ բանալիներ մատուցեց իր ապագայ գործունէութեան հիմնական սկզբունքներուն եւ իր աշխատանքի գլխաւոր առանցքներուն կապակցութեամբ։

Երէկուան այս հանդիպման մասնակցեցաւ նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի ներկայացուցիչ Անուշ Թրուանց։ Նախարար Մխիթար Հայրապետեան ջերմ մթնոլորտի մը մէջ զրուցեց Անուշ Թրուանցին հետ։ Ան յիշեցուց, որ ինք մասնագիտութեամբ թրքագէտ մըն է, ուստի Թուրքիոյ եւ թրքահայ համայնքի վերաբերեալ իրադարձութիւններուն կը հետեւի ուշադրութեամբ։ Անուշ Թրուանցն ալ շնորհաւորութիւններ յղեց նախարար Մխիթար Հայրապետեանին եւ յաջողութեան մաղթանքներ փոխանցեց անոր գործունէութեան համար։

Երկուշաբթի, Մայիս 21, 2018