85-ԱՄԵԱՅ ՅՈԲԵԼԵԱՆ

Ազգային բարերար Լուիզ Մանուկեան շաբաթավերջին դարձաւ 85 տարեկան։ Ան երկար տարիներ նախագահած էր Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան՝ յաջորդելով իր հօր՝ Ալեք Մանուկեանի։ Ներկայիս կը համարուի ՀԲԸՄ-ի պատուոյ նախագահը, սակայն այդ շրջանակներէն դուրս ալ ունի բարերարութիւններ, կը հովանաւորէ ծրագրեր։

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան շաբաթավերջին Լուիզ Մանուկեան-Սիմոնին շնորհաւորական մը ուղարկեց՝ 85-ամեակին առթիւ։ Հանրապետութեան նախագահի պատգամին մէջ ըսուած է հետեւալը.

Սիրելի Լուիզ,

Ջերմօրէն կը շնորհաւորեմ ձեզ ծննդեան յոբելեանի առթիւ։

Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի մէջ ձեզ կը ճանչնան ու կը գնահատեն՝ որպէս արժանապատիւ բարերար եւ հայրենասէր մարդ։

Հաւատարիմ ընտանեկան աւանդոյթներուն, ձեր ազնուանուէր ծնողներուն՝ Հայաստանի ազգային հերոս Ալեք Մանուկեանի եւ Տիկին Մարի Մանուկեանի նման դուք եւս մշտապէս զօրավիգ էք հայրենիքին, Հայ Եկեղեցիին ու ժողովուրդին։ Ձեր անձնական ծառայութիւնները բազմապատկուած են ՀԲԸՄ-է ներս ձեր հայրենաշէն գործունէութեամբ։

Այսօր ալ, որպէս «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Հոգաբարձուներու խորհուրդի պատուոյ անդամ, դուք հայրենիքի ու բոլորիս կողքին էք։ Ինչի առիթով, յարգելի Տիկին Լուիզ, ընդունեցէք խնդրեմ երախտիքի ու գնահատանքի անկեղծ խօսքերս։

Կրկին շնորհաւորելով յոբելեանի առթիւ՝ ձեզի կը մաղթեմ քաջառողջութիւն եւ ամենայն բարիք։

Միւս կողմէ, Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արա Պապլոյեանն ալ նոյն առթիւ շնորհաւորական մը ուղարկած է Լուիզ Սիմոնին։

Երկուշաբթի, Մայիս 21, 2018