ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆԻ ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ՄԱՐԱԹՈՆԸ

Գարակէօզեան Տան տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած երաժշտական այս տարուան մարաթոնին մասնակցութիւն բերաւ շուրջ 180 պատանի եւ երիտասարդ։ «Երաժշտական մարաթոն 2019» խորագրեալ ձեռնարկը տեղի ունեցաւ շաբաթավերջին, Շիշլիի քաղաքապետութեան «Ճեմիլ Ճանտաշ-Քենթ» մշակոյթի կեդրոնի երդիքին տակ։ Վարժարանին կողմէ մեծ ջանքերով կազմակերպուած այս ձեռնարկի կարգախօսն էր՝ «Բեմը քեզի կը սպասէ… դուն ալ մասնակցէ»։ Օրուան ողջ տեւողութեան շարունակուած եւ երեք փուլէ բաղկացած համերգաշար մըն էր այս մէկը։ Նուագարանի մը ուսուցումը ստացող 5-19 տարեկան 176 պատանի կամ երիտասարդ հանդէս եկան այս նախագծի ծիրին մէջ եւ հանդիսատեսներուն ներկայացուցին իրենց ընդունակութիւնները։ Ներկաներու շարքին էին անոնց ընտանիքները, ընկերները, ուսուցիչները եւ այլ երաժշտասէրներ։ Յետմիջօրէին ծրագրին մասնակցութիւն բերաւ նաեւ Շիշլիի քաղաքապետ Մուամմէր Քեսքին, որու հետ էր իր կողակիցը՝ Հիւլիա Քեսքին։

Օրուան յայտագիրը գործադրուեցաւ հանդիսավարութեամբ Մարի Արզումանի եւ Լիզա Քէօսէտաղի։ Մասնակիցները նուագեցին դաշնակ, կիթառ, մանտոլին, ջութակ, պաթերի, թրոմփէթ, էլէքթրօկիթառ եւ այլ զանազան նուագարաններ։ 11 աշակերտ ալ երգակցեցաւ նուագներուն։

Ըստ ընկալեալ սովորութեան, այս տարուան երաժշտական մարաթոնին մէջ եւս տեղ գտան անակնկալներ։ Պետական երաժշտանոցէ ներս դաշնակի դասընթացքներու հետեւող Ճուլիա Դաւիթ դաշնակ նուագեց Գարակէօզեանի երաժշտական մարաթոնին ժամանակ։ Իր հետ երգեց Կարէն Ելեկէն։ Նոյնպէս Պետական երաժշտանոցի ուսանողներէն Միլա Գույումճու, Արաս Մեսրոպեան եւ Դալար Ըշըքպայ եւս մասնակցութիւն բերին օրուան ծրագրին։

Գարակէօզեանի երաժշտական մարաթոնի ծիրէն ներս, ինչպէս անցեալ տարիներուն, այս տարի եւս բեմ առին նաեւ մեր վարժարաններէն ներս գործող երաժշտական խումբեր։ Միայն անոնցմով սահմանափակուած չէր ծրագրին այս երեսակը, որովհետեւ միջվարժարանային խումբեր եւ նուագախումբեր ալ մասնակցութիւն բերին ծրագրին։

Ձեռնարկին հետեւեցան նաեւ Գարակէօզեան Տան պատասխանատուները։ Երաժշտական մարաթոնի աւարտին յանձնուեցան մասնակիցներու վկայականները։

Երեքշաբթի, Մայիս 21, 2019