ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան վերջերս Հելսինքիի մէջ մասնակցեցաւ ԵԽ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հաւաքին։ Սա Եւրոխորհուրդի Նախարարներու կոմիտէի 129-րդ նստաշրջանն էր։ Ժողովը յոբելենական բնոյթ ունէր, որովհետեւ ձօնուած էր ԵԽ-ի հիմնադրութեան 70-ամեակին։ Հելսինքիի մէջ Զօհրապ Մնացականեան հանդէս եկաւ ելոյթով մը։ Շնորհաւորելով կազմակերպութեան 70-ամեայ յոբելեանը ան ըսաւ. «Մեր հաւաքական յանձնառութիւններուն ուղղուած բազմաթիւ մարտահրաւէրներու լոյսին ներքեւ եւրոպական միասնութիւնը պարտադիր պահանջ մըն է։ Ժողովրդավարութեան արժէքներու եւ մարդու իրաւանց պաշտպանութեան անտեսումը, ինչպէս նաեւ անոնց ձախողումներու հանդուրժումը տեղի կու տան հաւաքական խնդիրներու։ Մենք կը մոռնանք, որ ժողովրդավարութիւնը, մարդու իրաւունքները եւ օրէնքի գերակայութիւնը անցեալ 70 տարիներու դաժան աշխատանքի արդիւնքներն են։ Մենք պէտք է յիշենք, որ Եւրոպայի մէջ ժողովրդավարական հասարակութեան այլընտրանքները աղիտալի են։ Թէ՛ մեր ազգային եւ թէ մեր հաւաքական եւրոպական հաստատութիւնները հետեւողական ամրապնդման կարիք ունին»։

Հելսինքիի ժողովին ժամանակ Զօհրապ Մնացականեան բացատրեց, որ Եւրոխորհուրդը անվտանգութեան կազմակերպութիւն մը չէ եւ անվտանգութեան վերաբերեալ բոլոր հարցերուն պէտք է մօտենալ մարդու իրաւանց դիտանկիւնէն։ «Միջազգային իրաւունքի սկզբունքներու նկատմամբ ընտրովի մօտեցումը, յատկապէս, երբ այդ բանը կը կատարուի ժողովուրդներու ինքնորոշման եւ հաւասար իրաւունքներու անտեսման հաշւոյն, կը խարխլէ ժողովրդավարական ան-վըտանգութեան գաղափարը», ըսաւ նախարար Զօհրապ Մնացականեան։

Անդրադառնալով Հայաստանի վերջին մէկ տարուայ իրադարձութիւններուն՝ Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան ընդգծեց. «Ժողովրդավարութիւնը պաշտպանելու եւ խթանելու քաղաքական կամքը մեր կառավարութեան քաղաքականութեան առանցքն է։ Մենք նաեւ ցուցադրեցինք, որ արժէքներու եւ աշխարհաքաղաքականութեան նոյնացումը անտեղի եւ վտանգաւոր է»։

Երեքշաբթի, Մայիս 21, 2019