ՎՃՌԱԿԱՆ ԵՒ ԱՆԿՈՂՄՆԱԿԱԼ

Փարիզի մէջ մայիս 17-ին հանդիպում մը տեղի ունեցած է Ֆրանսայի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարներ Ժան-Իվ լը Տրիանի եւ Էլմար Մամետեարովի միջեւ: «Նոր Յառաջ»ի հաղորդումներով, ըստ երկու երկիրներու պաշտօնական աղբիւրներուն՝ կողմերը քննարկած են Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացը:

Լը Տրիան ընդգծած է վստահութեան ամրապնդման ուղղուած քայլերու կարեւորութիւնը, որոնց շուրջ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարները համաձայնած էին Վիեննայի մէջ, մարտի 29-ին տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին:

Ըստ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան՝ Լը Տրիան վստահեցուցած է ատրպէյճանցի իր պաշտօնակիցին, որ Ֆրանսա՝ իբրեւ Մինսքեան խմբակի համանախագահ, վճռական եւ անկողմնակալ է հակամարտութեան կարգաւորման ուղիներ փնտռելու հարցին մէջ:

Միւս կողմէ, Պաքու կը մերժէ մուտքի արտօնագրեր տրամադրել «Արսենալ»ի հայ համակիրներուն։

«Rusarminfo» առցանց թերթին համաձայն՝ Ատրպէյճան մերժած է մուտքի արտօնագրեր տրամադրել Լոնտոնի «Արսենալ» ֆութպոլի ակումբի Մեծն Բրիտանիոյ այն քաղաքացիներուն, որոնք նաեւ Հայաստանի քաղաքացիութիւն ունին եւ կը փափաքին ներկայ ըլլալ «Եւրոպա» մրցաշարքի աւարտական մրցումին, որ տեղի պիտի ունենայ Պաքուի մէջ։

Նշենք, որ Հայաստանի ֆութպոլի հաւաքականի խմբապետ Հենրիխ Մխիթարեան մաս կը կազմէ «Արսենալ»ի:

Բրիտանական աղբիւրի մը համաձայն՝ ակումբը դիմած է Բրիտանիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան, պարտադրելու համար Ատրպէյճանին, որպէսզի բրիտանահայ համակիրներուն մուտքի արտօնագրեր տրամադրէ։

Բաց աստի, բրիտանական շարք մը թերթեր մայիսի 17-ին հաղորդեցին, որ «Արսենալ» արդէն իսկ որոշած է առանց Հենրիխ Մխիթարեանի մեկնիլ Պաքու, նկատի ունենալով՝ որ անոր ապահովութեան համար բաւարար երաշխիքներ չէ ստացած եւ ակումբը մտահոգ է, որ հարցը կրնայ ազդել միւս մարզիկներուն վրայ։

Միւս կողմէ, խումբին համակիրները մտադրած են Պաքուի մէջ տեղի ունենալիք աւարտական մրցումին՝ Հենրիխ Մխիթարեանի դէմքով դիմակներ կրել: Նման առաջարկ մը կատարած է խումբին համակիրներուն ամենէն աշխոյժ ակումբներէն «Canon Crested», բողոքելու համար Մխիթարեանի համար ապահովական բաւարար երաշխիքներ չտալու Պաքուի որոշումին դէմ։ Կը ծրագրուի պատրաստել Հենրիխ Մխիթարեանի դէմքով դիմակներ, զանոնք բաժնելու համար ակումբին առնուազն վեց հազար համակիրներուն:

Երեքշաբթի, Մայիս 21, 2019