ՎԵՐԱՔՆՆԻՉ ԲՈՂՈՔԻ ԴԻՄՈՒՄ

Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի փաստաբանները երէկ հերթական անգամ դիմում կատարեցին դատական իշխանութիւններուն։ Երեւանի Ընդհանուր իրաւասութեան ատեանը վերջին օրերուն մերժած էր Քոչարեանի խափանման միջոցը փոխելու եւ զինքը բանտէն դուրս բերելու դիմումը։ Ուրեմն, Քոչարեանի պաշտպան փաստաբանները այդ դատավճռին դէմ վերաքննիչ բողոք ներկայացուցին։ Քոչարեանի պաշտպան իրաւաբաններէն Հայկ Ալումեանի կողմէ ներկայացուած է այդ դիմումը։ Հայաստանի Վերաքննիչ քրէական դատարանին ներկայացուած բողոքը մուտքագրուած է մայիսի 19-ին։

Ռոպերթ Քոչարեան երկար ժամանակէ ի վեր ունի առողջական փխրուն վիճակ մը։ Վերջերս ան դարձեալ ենթարկուեցաւ վիրահատութեան եւ այժմ կը գտնուի հիւանդանոցի մէջ։ Քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտին մէջ Քոչարեանի առկայ կացութիւնը ա՛լ աւելի խոցելի կը դարձնէ զինքը։ Ան կը դատուի 1 մարտ 2008 թուականին պատահած արիւնալի դէպքերու գործով։

Հինգշաբթի, Մայիս 21, 2020